Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Վերին շրթունքի ճեղքը (cleft lip) եւ քիմքի ճեղքը (cleft palate) ընդոծին (congenital) արատներ են: Այս արատներու մասին խօսելէ առաջ պէտք է խօսիլ քիմքի եւ շրթունքի կազմաւորէան մասին:
Քիմքը (palate) կը կազմէ բերանի վերին կամարակաձեւ առաստաղը: Ան կը բաժնէ բերանը քիթէն եւ քիթի խոռոչներէն (nasal sinuses): Քիմքի յառաջամասի երկու-երրորդը ոսկրային է եւ կը կոչուի կարծր քիմք (hard palate), իսկ յետսամասի մէկ երրորդը մկանային է եւ կը կոչուի կակուղ քիմք (soft palate): Ամբողջ քիմքը ծածկուած է լորձնաթաղանթով, որ շատ հաստ է ոսկրային բաժինին վրայ: Մկանային քիմքը կը վերջանայ պզտիկ լեզուակով, որ մօտաւորապէս 1-2 սմ. երկարութիւն կ՛ունենայ եւ կը շարժի մկանային քիմքի պրկումներով։
Քիմքը իր ամբողջական աճումին կը հասնի սաղմի կեանքի 6-8 շաբաթներու ընթացքին:
Ինչպէս յիշուեցաւ այս արատները ընդոծին են, սակայն անոնց ճշգրիտ պատճառը տակաւին անորոշ է: Յղութեան առաջին երեք ամիսներու ընթացքին յղի կիներու կողմէ գործածուած որոշ դեղեր եւ անոնց ունեցած ժահրային կարգ մը հիւանդութիւններ նկատուած են անոնց ախտապատճառները:
Շրթունքի եւ քիմքի ճեղքերը կը յառաջանան սաղմի զարգացման երկրորդ եւ երրորդ ամիսներու ընթացքին: Սաղմի կազմաւորման եւ աճման ընթացքին քիմքը եւ վերին շրթունքը կազմող երկու բաժինները ամբողջովին իրարու չեն միանար եւ կը յառաջանայ անոնց զանազան աստիճանի ճեղքերը:
Քիմքի արատները ընդհանրապէս կը տեսնուին շրթունքի արատներուն հետ: Այս արատները կարելի է տեսնել մանուկին ծնունդէն շատ առաջ ներկայ մասնագիտական անդրձայնային (ultrasound) եւ Ք-ճառաքայթային յատուկ նկարահանումներով:
Նորածիններուն 1/1000ը կ՛ունենան շրթունքի ճեղք, իսկ 1/2000ը քիմքի ճեղք: Շրթունքի ճեղքը 1/100 համեմատութեամբ կը յայտնուի այլ ախտանիշերու հետ, իսկ քիմքի ճեղքը՝ 8/100 համեմատութեամբ: Տեսնուած է որ շրթունքի ճեղքը կը պատահի աւելի յաճախականութեամբ տղոց մօտ իսկ քիմքի ճեղքը աւելի աղջիկներու մօտ: Ալքոլ եւ ծխախոտ գործածող յղի կիներ շատ աւելի յաճախականութեամբ կը ծնին վերին շրթունքի եւ քիմքի ճեղքով զաւակներ:
Շրթունքի ճեղքը յաճախ կը կոչուի նապաստակի շրթունք եւ կամ շրթնաճոռթուկ: Իսկ քիմքի ճեղքը՝ քիմքի ճոռթուկ եւ կամ գայլի երախ:
Վերին շրթունքի եւ քիմքի ճեղքը կրնայ պատահիլ միասնաբար կամ առանձնաբար, այսինքն՝ քիմքի ճեղքը առանձնաբար, վերին շրթունքի ճեղքը առանձնաբար եւ կամ քիմքի եւ շրթունքի ճեղքերը միասնաբար: Քիմքի ճեղքը կը յայտնուի երկու ձեւերով՝ ամբողջական կամ մասնակի: Ամբողջականի պարագային՝ մկանային եւ ոսկրային քիմքը կը յայտնուի կիսուած, երկու բաժիններով եւ խոշոր բացուածքով մը: Իսկ մասնակիի պարագային՝ մկանային քիմքը կամ ոսկրային քիմքը կը յայտնուի ճեղքով: Մկանային ճեղքը կրնայ ընդգրկել միայն պզտիկ լեզուակը: Վերին շրթունքի ճեղքը կրնայ ըլլալ ամբողջական կամ մասնակի եւ մէկ կամ երկու ճեղքով:
Քիմքի ճեղքը կը յառաջացնէ մանուկին մօտ որոշ դժուարութիւններ՝
1. Սնուելու դժուարութիւն:
2. Լեզուական զարգացումի դժ-ուարութիւն եւ անբնական խօսակցութիւն
3. Ռնգային ձայն (rhinolalia).
4. Միջին ականջի մնայուն բորբոքում
5. Քիթի խոռոչներու բրբոքում
Քիմքի ճեղք ունեցող մանուկը կ՛ունենայ սնուելու դժուարութիւն, որովհետեւ չի կրնար բնական ձեւով ծծել մօրը կուրծքին պտուկը կամ կաթնաշիշը (milk bottle): Ան պէտք է պահուի ուղղահայեաց դիրքի վրայ երբ կը ծծէ մօրը կուրծքը կամ կաթնաշիշը, որպէսզի ծծուած կաթը իր բերանէն դէպի քիթ եւ քթա-ըմբան չուղուի, ապա թէ ոչ քիթին մէջ գտնուած կաթը կը յառաջացնէ խոռոչներու բորբոքում, իսկ քթա-ըմբանին մէջ գտնուած կաթը կը գրգռէ երկու Եւստաքեան խողովակներու (Eustachian tubes) բերանները եւ կը յառաջացնէ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողական տկարութիւն:
Քիմքի եւ վերին շրթունքի ճեղքերու ախտաճանաչումը բացայայտ է: Անոնք տեսանելի կ՛ըլլան բոլորին կողմէ մանուկին ծնունդէն անմիջապէս ետք:
Քիմքի ճեղքի դարմանումը պէտք է միտի մանուկին շնորհել բնականոն սնանում եւ լեզուական զարգացում, ինչպէս նաեւ ռնգաձայնի անհետացում: Քիմքի եւ շրթունքի ճեղքերը կը դարմանուին հիմնականօրէն միայն վիրաբուժական գործողութեամբ:
Քիմքի ճեղք ունեցող մանուկը առաջին օրէն սնուելու է յատուկ ծծակներով մինչեւ վիրաբուժական գործողութեան ժամկէտը:
Կան երկու կարծիքներ այս գործողութեան ժամկէտի առնչութեամբ՝
1. Սպասել մինչեւ որ մանուկը հասնի 10-12 տարիքը, երբ արդէն մնայուն ակռաները կը յայտնուին եւ քիմքը իր վերջնական աճման հանգրուանին հասած կ՛ըլլայ եւ հետեւաբար արատը ընդհանրապէս մէկ գործողութեամբ կ՛անյետանայ: Սակայն մինչեւ այս տարիքը հասնել ենթական կրնայ ունենալ ականջի բորբոքումներ, լսողութեան վատթարացում եւ լեզուական դժուարութիւն: Այս կարծիքի հեղինակները համոզուած են որ քիմքի ամբողջական աճումէն առաջ այս արատը մէկ գործողութեամբ կարելի չէ անհետացնել:
2. Կատարել գործողութիւնը կանուխ՝ պզտիկ տարիքի, որպէսզի տեղի չունենան ականջի բորբոքում, լսողութեան տկարացում եւ լեզուական դժուարութիւն: Այս պարագային կրնայ պատահիլ որ աճման պատճառով ենթական ենթարկուի մէկէ աւելի վիրաբուժական գործողութիւններու:
Ընդհանրապէս վիրաբուժական գործողութեամբ մանուկը կ՛ունենայ բնական երեւոյթ ինչպէս նաեւ ուտելու եւ կլլելու կարողութիւն: Մեծ եւ ամբողջական ճեղքերու պարագային՝ երբեմն գործողութենէ ետք մանուկը կ՛ունենայ ռնգային ձայն ու խօսակցութիւն, քիմքի անբնական երեւոյթ եւ բերանին մէջ գտնուած կաթի յետադարձութիւն (regurgitation) բերնէն դէպի քիթ՝ բերանի եւ քիթի միջեւ ստեղծուած խլուակին (fistula) միջոցաւ:
Շրթունքի ճեղքի վիրաբուժական գործողութիւնը պէտք է կատարել շատ կանուխ: Շրթունքի եւ քիմքի միասնաբար ճեղքի պարագային, երբ քիմքի վիրաբուժական գործողութիւնը պիտի յետաձգուի, շրթունքի ճեղքի վիրաբուժական գործողութիւնը պէտք է կատարել շուտափոյթ: