ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Որո՞ւ, Ի՞նչ, Եւ Ինչքա՞ն Պարտք Ունիս
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Պարտական ըլլալու վախէն սոսկացող մարդոց միշտ կարելի է հանդիպիլ մեր կեանքի խաչմերուկներուն վրայ: Պարտքը սակայն, պէտք չէ իմանալ միայն նիւթական իր իմաստովը, այլ նաեւ բարոյական օրէնքներու մէջ թերացումէն յառաջացող «պարտք»երու տեսակն ալ պէտք է միշտ նկատի ունենալ: Նոյնիսկ նուազագոյն օժանդակութեան զլացումը անոր որ ճիշդ այդ պահուն մեր օժանդակութեան կարիքը ունէր, բարոյական այնպիսի ծանր պարտք կը դառնայ մեր ուսերուն, որուն բեռին տակէն դժուարաւ դուրս կու գանք յաճախ:
Պարտքէն մարդոց ունեցած վախը, անոր ծանրութեան հետ կապ չունի անպայման, այլ պարտք չունենալու ցանկութենէն կու գայ: Մարդկային հոգին, բաւարարուած երբ ըլլայ, ուրախութենէն կը խայտայ, իսկ կարօտութիւնն ու թշուառութիւնը, անոր ոսկորները կը փճացնեն: Պարտքը անպայման լուծման կը սպասէ, վերջ տալու համար զայն ունեցող պարտականին մտահոգութեան:
Կը պատմուի, թէ մէկը նիւթական պարտք ունէր, եւ վճարման թուականին ալ մի քանի օրեր մնացած ըլլալով, մեծ մտահոգութեան մատնուած էր: Ամէն օր գործէն տուն վերադարձին, կինը կը զգար թէ ամուսնոյն վիճակը երթալով կը վատթարանար: Ուղղակի կը տեսնէր, թէ ինչպէս ֆիզիքապէս կը մաշէր ան: Ի վերջոյ լռութեան սառը խզելով, կինը կը հարցնէ թէ ի՞նչ էր այդ մտահոգութեան պատճառը: Մարդը կ՛ըսէ, թէ ժամանակին մեծ պարտք ըրած էր, եւ հիմա պարտատէրը կը պահանջէր որոշուած թուականին վճարել պարտքը: Կինը երկար խորհելէ ետք, առաւօտ կանուխ կ՛արթննայ, ու ամուսինը գործի ճամբած պահուն կ՛ըսէ անոր.
– Երբ պարտատէրը գայ ու պարտամուրհակները բերէ, կ՛ըսես անոր թէ պիտի չի՛ կարենաս վճարել: Այսպիսով, քու մտահոգութիւնդ իրեն փոխանցած կ՛ըլլաս:
Ծիծաղաշարժ կարճ պատմուածքի կարգ անցած այս դէպքը սակայն, լուծում չի՛ բերեր պարտքին: Այս մօտեցումը պարզապէս մտահոգութիւնը հեռացնելու կերպ է, եւ ո՛չ վերջնական լուծում:
Միւս կողմէ պարտքերը թեթեւցնելու երեւոյթը գոյութիւն ունի մարդկային փոխյարաբերական կեանքին մէջ, որ եթէ ո՛չ ամբողջական, գէթ մասամբ գոհունակութիւն կը պատճառէ պարտատիրոջ:
Յիսուսի մտածողութիւնը բանաձեւող, իր բերնով պատմուած առակներուն մէջ, ակնարկութիւն կը գտնենք այս մասին: Տնտեսի առակին մէջ կը կարդանք, որ զրպարտութիւններու զոհ երթալով, տնտեսը իր տիրոջ պարտապանները իր քով կը կանչէ, ու անոնց պարտքերը կը նուազեցնէ, եւ իր այդ արարքը մեծապէս կը գնահատուի անոնց կողմէ, որովհետեւ, ապագային անոնց քով աշխատանք գտնելու յոյսով կը կատարէ այդ: Իսկ Յիսուս, իբրեւ եզրակացութիւն իր խօսած առակին, կ՛ըսէ թէ մեծահարուստ մարդը գովեց ճարպիկ տնտեսը, իր հնարամտութեան համար (Հմմտ Ղկ 16.1-8): Մէկ խօսքով, տնտեսը իր տիրոջ պարտապաններուն ունեցած պարտքերը օգտագործեց, իր ապագան կերտելու համար: Այլապէս անգործ պիտի մնար, կամ ալ մուրացիկ դառնար:
Ներկայ աշխարհի դրուածքը, յատկապէս քաղաքակիրթ երկիրներու պարագային, պարտքի ու յարատեւօրէն զայն հատուցելու փոխյարաբերութիւն կը ներկա-յացանէ: Նոյնիսկ «լաւ», կամ «վստահելի» քաղաքացիներ կը համարուին անոնք, որոնք մեծ պարտքեր ըրած ըլլալով հանդերձ, ճիշդ ժամանակին կը վճարեն որոշուած բաժինը, ո՛չ միայն վստահութիւն շահելով պարտատիրոջ մօտ, այլ տիպար քաղաքացիի վարկ վաստկելով պետութեան մօտ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ այս սկզբունքով հսկայական դղեակներ կը շինեն մարդիկ, կամ երեւակայական ինքնաշարժներ վարելու հաճոյքին կ՛արժանացնեն իրենց անձը:
Միւս կողմէ, գործարար մարդոց համար, գործի մէջ յաջողելու իբրեւ հնարաւորութիւն կը ներկայանայ պարտքը: Անոնց կը թելադրուի պարտք առնելով «մեծնալ», ընդարձակել գործին տարողութիւնը: Նման քայլը անշուշտ ունի իր վտանգաւոր դարձուածքները, ուրկէ կրնայ սահիլ արկածախնդիր մարդուն ոտքը, զինք նետելով անդունդը: Միշտ ալ արկածախնդրութիւն կայ նման գործերու պարագային, սակայն ներշնչուող վստահութեան չափը այնքան բարձր է, որ ամէնէն ինքնավստահ մարդն անգամ կը տարուի ու փորձութեան կ՛ենթարկուի դրամական մեծ շահու դիմաց: Ոմանք իրենք իրենց անձը «փտած փայտի չկոխող» կը ներկայացնեն, սակայն շատ չանցած «անթացուպով կը քալեն», փշրուած ոսկոր ունենալով իրենց ոտքերուն մէջ:
Արեւելեան երկիրներու մէջ, տակաւին հին սովորութեան համաձայն կ՛ապրին շատեր, կանխիկ գումարո՛վ գնուած տունի կամ որեւէ առարկայի արդար տէրը համարելով իրենք իրենց անձը, այլապէս օտարին սեփականութիւնը եղող տան բնակիչ կը զգան, եւ պարտքերու տակ թաղուած վիճակը միշտ մտահոգ ու ջղագրգիռ կը դարձնէ զիրենք:
Հետաքրքրական է դիտել, որ նոյնիսկ Արեւմտեան երկիրներու մէջ երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած մարդիկ կան, որոնք տակաւին հին մտայնու-թեամբ, բնա՛ւ չեն փափաքիր պարտք առնել, կամ որեւէ փոխառութիւն կատարել, իրենց ունեցածովը բաւարարուելով:
Բայց դուն որո՞ւ, ի՞նչ եւ ինչքա՞ն պարտք ունիս: Սարսափազդու այս հարցումին պատասխանելէ առաջ, լսէ՛ թէ ի՞նչ կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ, Հռոմայեցի իր նորադարձներուն.
– «Ոեւէ մէկուն որեւէ բանով պարտական մի՛ մնաք. միմիայն իրար սիրելու պարտաւորութիւնը ունեցէք, քանի որ իր ընկերը սիրողը կատարած կ՛ըլլայ Աստուծոյ Օրէնքը» (Հռ 13.7-8):
Բարոյական պարտաւորութիւնները լիուլի կատարելու մասին նախազգուշութիւն կը կատարէ ան: Սակայն, անոնց բոլորին գլուխը կը դնէ սիրոյ պարտաւորութիւնը: Այլ խօսքով, Աստուծոյ օրէնքը եթէ բարոյական պարտաւորութեանց վրայ հիմնուած է, փոխյարաբերական կեանքը բնականոն դարձնելու համար, ուրեմն սէրը, այդ բարոյականութեան կանոնագիրքին առաջին գլուխը կը կազմէ: Այդպիսով, կ՛ըսէ առաքեալը, Աստուծոյ օրէնքը կատարած կ՛ըլլայ մարդ:
Ուրեմն, մեծագոյն պարտքը որ մարդ ունի, ուրիշը սիրելու պարտքն է, եւ որ պէտք է վճարէ անյապաղ: Այս պարտքին պարտապահանջը Աստուած ի՛նք է, եւ ոչ թէ մեր սիրոյն կարօտը ունեցող մարդը: Աստուած ի՛նք կը պահանջէ մեզմէ, իբրեւ պարտատէր, որ վճարենք մեր պարտքը անոր՝ որուն պարտական ենք: Ինք միայն հսկո՛ղն է, որ ճիշդ ժամուն ու ճիշդ ձեւով սիրոյ մեր պարտքը վճարենք: Այլապէս, պիտի գայ օրը, երբ մեր պարտքերը բազմացած պիտի ըլլան, ու պիտի չկարենանք անոնց տակէն դուրս գալ: Ահա այն ատեն պարտատէրը՝ Աստուած, պիտի պահանջէ մեզմէ, այն ինչ որ պարտաւոր էինք տալ ուրիշին, բայց չտուինք:
Վճարէ՛ սիրոյ պարտքդ քանի ուշ չէ: Վստա՛հ եղիր, որ դրամատան հաշուիդ մէջ շա՜տ մեծ «գումարներ» ունիս այս դրամանիշով՝ սիրոյ թղթադրամներով: Պահելը օգուտ չունի, մինչ զանոնք բաժնելով, կրկնապատկուած պիտի տեսնես ունեցած փոքր «գումարդ»: