ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հոկտեմբեր 29ին կատարեց «DigiTec Expo 2010» 6րդ ամէնամեայ միջազգային ցուցահանդէսին բացումը։
«DigiTec»ին կը մասնակցին 68 միջազգային ու տեղական ընկերութիւններ։ Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 31։
Վարչապետ Սարգսեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշեց, որ աւանդական դարձած այս ցուցահանդէսը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան (Տեղեկատուական տեխնոլգիաներու-ՏՏ) ոլորտին մէջ:
«Տ-Լինք» ընկերութեան տարածաշրջանային ներկայացուցչութեան տնօրէն Վլատիմիր Լիպինկ, իր հերթին, նոյնպէս կարեւոր համարեց ցուցահանդէսին իրականացումը Հայաստանի մէջ՝ նշելով, որ տարուէ տարի Հայաստանի մէջ ներդրումները կը շատանան, եւ որոշ ժամանակ անց՝ Հայաստան վստահաբար պիտի քաղէ օգուտները եւ պիտի արձանագրէ տնտեսական մեծ աճ:
«Տեղեկատուական տեխնոլգիաներու» ձեռնարկութիւններու միութեան գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեանի խօսքով՝ ցուցահանդէսը աննախադէպ աճ արձանագրած է մասնակից ընկերութիւններուն առումով, որոնց թիւը կը գերազանցէ 2005ի մասնակցութիւնը՝ աւելի քան 30 տոկոսով:
Ընկերութիւնները ցուցահանդէսին կը ներկայացնեն տեղեկատուական սարքաւորումներ եւ համակարգեր, ելեւմտական ու հաշուապահական լուծումներ, արտադրութեան, բարձր գիտարուեստական ու ճարտարագիտական լուծումներ, կրթութիւնը տեղեկատուական գիտարուեստներու ոլորտին մէջ, ելեկտրական կառավարում, նորարարական լուծումներ եւ այլն:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին նպատակն է բարձր գիտարուեստներու ընկերութիւններու, գործարար սպառողներու եւ հասարակութեան միջեւ հաղորդակցման բարենպաստ միջավայր ստեղծելը: Բացի այդ, ցուցահանդէսը հայաստանեան տեղեկատուական հեռահաղորդակցական գիտարուեստներու դաշտին իրական պատկերը ուսումնասիրելու, ընկալելու, ձեռքբերումներուն ծանօթանալու, առկայ մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները տեսնելու միջոց է: Անիկա ունի նաեւ կրթական նպատակ՝ մարդոց ցոյց տալու, որ գիտարուեստական զարգացումը ապագայ ունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.