Ինչպէս պիտի յիշեն մեր ընթերցողները, վերջերս Արցախի մէջ կայացաւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած համագումար մը, որուն հրաւիրուած էին հայ լրատուական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ որը նուիրուած էր «21րդ դարու մարտահրաւէրները, տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ հայ լրատուութիւնը» թէմային։ Այս համագումարին հրաւիրուած էր նաեւ «Մարմարա»յի խմբագիրը, որմէ խնդրուած էր որ իր ընտրած նիւթին շուրջ զեկուցում մը ընէ։ Մեր խմբագրապետը անձնական պատճառներով դժբախտաբար չէր կրցած մասնակցիլ այս համագումարին, որովհետեւ ճիշդ նոյն թուականին ունէր իր թոռան հարսանիքը։ Այնուհանդերձ «Մարմարա» խանդավառ էր այս համագումարով, որովհետեւ մեր խմբագրութիւնը կը հաւատար, որ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով օրակարգի պիտի բերուէին Սփիւռքահայ մամուլի հազարումէկ դժուարութիւնները, մանաւանդ հայկական թերթերու անապահով ապագան, միջոցներ պիտի փնտռուէին որպէսզի մանաւանդ հայատառ մամուլը կարենայ շարունակել իր առաքելութիւնը հայկական ինքնութիւններու տկարացումի ու նահանջի սա շրջանին։ Այս համագումարը առիթ պիտի դառնար որպէսզի Հայաստանի ու Սփիւռքի լրատուական միջոցները, այսինքն թերթեր, ձայնասփիւռներ, հեռատեսիլի կայաններ, եւայլն, ճանչնային զիրար ու մօտենային իրարու, աւելի սերտ գործակցութիւն հաստատէին իրենց միջեւ։
Դժբախտաբար այսպէս չեղաւ։ Սփիւռքի նախարարութեան սխալ մէկ կարգադրութիւնը պատճառ դարձաւ որ մենք մեր հաշուոյն ծայր աստիճան յուսախաբ ըլլանք։ Ո՞րն էր այդ սխալ կարգադրութիւնը։
Վերոյիշեալ համագումարէն ամիսներ առաջ, Յունուար կամ Փետրուար ամիսներուն, Սփիւռքի նախարարութիւնը կոչ ուղղած էր Սփիւռքի թերթերուն, դիտել տալով որ կը պատրաստէր հայկական լրատուական միջոցառումներու միջեւ զանազան մրցանակներ, որոնցմէ մէկն էր «Հայապահպանման գործի մէջ ունեցած նշանակելի աւանդի տեսակէտէ լաւագոյն լրատուամիջոց»ի մրցոյթ մը։ Շատ ալ յայտնի չէր թէ ինչ կը նշանակէր այս «մրցոյթ» բառը, որուն մասնակցելու համար կը պահանջուէր որ լեցնէինք հարցարաններ, տեղեկութիւններ տալով մեր գործունէութեան մասին։ Մինչեւ իսկ կը հարցուէր թէ ի՞նչ լեզուով հրատարակութիւն կ՛ընենք, ի՞նչ կը հրատարակենք, ի՞նչեր ըրած էինք մինչեւ հիմա, եւայլն, տասնեակներով հարցումներ, որոնց պատասխանելու համար թերեւս պէտք է գիրք մը գրէինք։ Այս հարցարաններուն պատասխանելը պայման էր, որպէսզի մասնակցած ըլլայինք մրցոյթին։ Հարցարաններուն վրայէն ալ պիտի ընտրուէր «լաւագոյն հայկական լրատուամիջոցը»։
Մենք առաջին վայրկեանէն ծիծաղելի ու սխալ գտանք այսպիսի «մրցոյթ»ի կամ «մրցում»ի կամ «անքէթ»ի (հարցաթերթիկ-Խմբ.) մը գաղափարը, )այս երեք բառերը կը գործածենք անոր համար որ չենք հասկցած այստեղ գործածուած «մրցոյթ» բառին բուն իմաստը)։ Ուստի գրաւոր կերպով Սփիւռքի նախարարութեան յայտնեցինք մեր այն կարծիքը թէ սխալ էր այս կերպով ընտրել «լաւագոյն լրատուամիջոց մը»։ Մեր կարծիքով, եթէ մէկը պիտի ընտրէր լաւագոյն հայկական լրատուամիջոցը, պէտք չէ որ ատիկա ընէր թեկնածուներուն կողմէ իրենց իսկ մասին տրուած տեղեկութիւններու հիման վրայ, այլ այդ ընտրութիւնը պէտք է ընէր թեկնածուներէն անկախ ուսումնասիրութեամբ ու դուրսէն կազմուած մասնագէտ դատակազմի մը դատողութեամբ։ Որեւէ թերթ կամ լրատուամիջոց իր մասին ճիշդ կամ սխալ շատ բան կրնայ ըսել, ոեւէ մէկը իր մասին կրնայ տեղի կամ անտեղի յաւակնութիւններ ունենալ, այս տեսակէտով թեկնածուներուն իրենց մասին տուած տեղեկութիւնը կրնայ թէեւ անքէթի մը պարտականութիւնը կատարել, բայց չի կրնար հիմ ծառայել որպէսզի «լաւագոյն լրատուամիջոցը» ընտրուի։ Մնաց որ մենք մեր հաշւոյն, 70 տարիէ ի վեր հայապահպանման պատուական աշխատանքի մեր արժանապատուութեան դէմ վիրաւորանք նկատեցինք պատասխանել այսպիսի հարցարանի մը ու տալ տեղեկութիւններ, որոնք դիմացի կողմէն գիտցուելու էին առանց որ մեզի հարցուէր։
Դժբախտաբար Սփիւռքի Նախարարութիւնը նկատի չառաւ մեր այս վերապահութիւնը եւ քալեց իր գիտցած ձեւով։ Վրայ հասաւ Արցախի համագումարը։ Բայց համագումարի օրերուն յանկարծ լսեցինք, որ զանազան թերթեր սկսած էին հաղորդել թէ իրենք ընտրուած էին «լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց»։ Նախ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը հաղորդեց թէ ինք ընտրուած էր «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց»։ Անկէ վերջ Աթէնքի «Ազատ Օր» թերթը հրատարակեց թէ ընտրուած էր «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց»։ Անկէ վերջ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերը հաղորդեց թէ ընտրուած էր «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց»։ Վերջապէս մեր քաղաքէն «Ժամանակ» թերթն ալ հաղորդեց թէ ընտրուած էր «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց»։ Պէտք է խնդայի՞նք թէ զարմանայինք այսպիսի հրատարակութիւններու դիմաց, մանաւանդ որ Սփիւռքի նախարարութիւնն ալ պաշտօնական որեւէ հաղորդում չէր ըներ այս մրցանակաբաշխումի ու դատակազմի անուններուն ու որոշումին կապակցութեամբ։ Այս քանի՞ հատ «լաւագոյն» կար, եւ ի՞նչ կը նշանակէր քանի մը հատ «Լաւագոյն ընտրել», երբ գիտենք թէ հայոց լեզուի բառարանին համաձայն «լաւագոյն» բառը մէկ հատ կը նշանակէ ու «ամէնէն լաւը» կը նշանակէ։
Բայց հարցը միայն այս չէր։
Սփիւռքի նախարարութիւնը իրաւունք չունէր «լաւագոյն» մը ընտրելու մրցոյթէն դուրս շպրտելու այն թերթերը, որոնք չէին պատասխանած իրենց հարցաթերթիկի հարցումներուն։ Իրենց հարցարանին պատասխանած չըլլալը գոյութիւն չունենալ չի նշանակեր։ Եթէ դատակազմ մը պիտի ուզէ ընտրել Սփիւռքի հայկական լաւագոյն լրատուամիջոցը, իրաւունք չունի ընտրութիւնը ընելու միայն իրեն դիմողներուն մէջէն, որովհետեւ լռելեայն կը հասկցուի որ այդ դատակազմը պաշտօնի կոչուած է «գոյութիւն ունեցող լաւագոյն»ը ընտրելու համար, այլ ո՛չ թէ իրեն դիմողներուն լաւագոյնը ընտրելու համար։ Եթէ միայն դիմում կատարողներու լաւագոյնը պիտի ընտրէին, այդ պարագային պէտք էր որ տարբեր անուանակարգ մը ճշդէին իրենց «մրցոյթ»ին, տարբեր անուն մը տային այս մրցանակին։ Այնուհետեւ կրնային շարժիլ ազատօրէն, իրենց ուզածին պէս։
Չենք գիտեր թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը կամ այս նախարարութեան կողմէ պաշտօնի կոչուած դատակազմը բնաւ անհանգստութիւն զգա՞ց, օրինակ, երբ անդրադարձաւ կամ չանդրադարձաւ որ այսպիսի մրցումի մը աւարտին «Մարմարա»ի նման 70 տարուան տարածուն օրաթերթ մը յիշատակութեան իսկ չէր արժանացած պարզապէս իր սկզբունքային կեցուածքին պատճառաւ։ «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց» ընտրուած թերթերէն գոնէ երեքը միշտ լայնօրէն կ՛օգտուին «Մարմարա»յի լրատուութիւնէն, ուստի ո՛չ իրենք, ոչ ալ դատակազմը չէին կրնար անգոյ նկատել թերթ մը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Հայաստանէն մինչեւ Աւստրալիա, ամբողջ հայկական իրականութեան մէջ։
Մեծ վստահութիւն ու յարգանք ունինք Սփիւռքի նախարարութեան նկատմամբ, այս նախարարութեան հիմնադրութիւնը շատ իմաստուն որոշում նկատեցինք առաջին օրէն, այսօր ալ կը շարունակենք այդպէս մտածել։ Բայց Սփիւռքի նախարարութիւնը իր առաջին լուրջ սխալը գործեց այսպիսի անիմաստ մրցոյթ մը կազմակերպելով, որովհետեւ բնաւ պէտք չունէր «լաւագոյն» մը ընտրելու։ Լաւագոյն մը ընտրելը, կը նշանակէ միւսները երկրորդական նկատել, միւսները նուաստացնել։ Թէեւ այժմ Սփիւռքի Նախարարութիւնը ինքզինք կ՛արդարացնէ պնդելով որ իր նպատակը սփիւռքեան լրատուամիջոցները քաջալերել էր, բայց ասիկա քաջալերել չէր, այլ անոնց միջեւ մրցակցութիւն ու թշնամութիւն հրահրել էր, նաեւ անոնց մէկ մասը լարել էր Սփիւռքի նախարարութեան դէմ։ Այսպիսի մրցում մը Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կատարելի վերջին գործը ըլլալու էր։ Բայց ի՜նչ մեղք որ նախարարութիւնը չանդրադարձաւ իր սխալին։
Այս բացատրութիւնները տալ ստիպուեցանք պատասխանելու համար մեր այն ընթերցողներուն, որոնք այս օրերուն մեզի հարց կուտան շարունակ թէ ինչո՞ւ «Մարմարա Օրաթերթ»ը բնաւ նկատի առնուած չէր Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած այս տարօրինակ ու անսովոր մրցանակաբաշխումի ընթացքին։
ՄԱՐՄԱՐԱ