ԳԱՀԻՐԷ.- «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան «Յուսաբեր» Երաժշտագրական միաւորը Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5ին կազմակերպած էր ասմունքի երեկոյ մը, ուր հանդէս եկաւ Լիբանանահայ արուեստագիտուհի Իրմա Տէտէյեան:
«Երեկոն հրաշալի տպաւորութիւն թողեց ներկաներուն մօտ», կ՛ըսէ միաւորի պատասխանատու Շաքէ Յովակիմեան: «Մշակութասէրները վայելեցին մեր մեծերուն գործերը՝ Տէտէյեանի հոյակապ կատարումով»:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են 60 հանդիսատեսներ. «Թէեւ աւելի մեծ թիւով ներկաներ կ՛ակնկալէի, սակայն միւս կողմէ ալ ուրախ եմ, քանի որ եկած էին անոնք, որոնք իրապէս կը գնահատեն ու կը սիրեն արուեստը, ասմունքը», նշեց Յովակիմեան:
Մէկ ժամ տեւող երեկոյթը կը բաղկանար երկու մասերէ. առաջին մասը նուիրուած էր Միսաք Մեծարենցի, իսկ երկրորդ մասը կ՛ընդգրկէր Ժագ Յակոբեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Մուշեղ Իշխանի, Պարոյր Սեւակի, Դանիէլ Վարուժանի, Վահան Թէքէեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Վահագն Դաւթեանի ստեղծագործութիւնները:
Երեկոյթի աւարտին շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքով հադէս եկաւ ձեռնարկի հովանաւոր՝ Եգիպտոսի Հայոց առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան:
Տէտէյեանի յանձնուեցաւ փոքրիկ յուշանուէր մը, իբրեւ երեկոյթի յիշատակ, իսկ վերջինս ալ իր կողմէ նուիրեց 30 օրինակ խտասալիկ՝ նուիրուած Միսաք Մեծարենցի եւ Ե-ղեռնի 95րդ տարելիցին:
Իրմա Տէտէյեան ծնած է եւ կ՛ապրի Լիբանան: Պատանեկութեան տարիներէն ի վեր կը մասնակցի ասմունքի մրցոյթներու. ան արհեստավարժ քնարերգակ եւ ազգային թեմաներով կատարումներու վարպետ ասմունքող է:
1988էն ի վեր կը ներկայացնէ յայտագիրներ Պուրճ Համուտի «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի, «Բարի Լոյս» եւ «Քնարային» հաղորդումներուն համար: Տէտէյեան անդամ է Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութեան: Ունեցած է ասմունքի անձնական երեկոներ՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Գանատայի եւ Ֆրանսայի մէջ: