ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը փոխանցէ, թէ 70 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է թրքական շարժապատկերի եւ թատրոնի անուանի դէմքերէն՝ հայազգի նշանաւոր դերասան Միսակ Թորոսը: Անոր մահուան լուրը կը գուժեն թրքական լրատուամիջոցներուն մեծ մասը:
Փոխանցուած լուրին մէջ կը Նշուի, թէ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուէր Նոյեմբեր 10ին: Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենար Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի «Երեք Խորան» հայկական եկեղեցւոյ մէջ:
Միսակ Թորոս խաղացած է գեղարուեստական բազմաթիւ ֆիլմերու եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող պատկերասփիւռի ժապաւէններու մէջ: Դերասանին հարազատները կը յայտնեն, թէ Թորոս մահացած է սրտի կաթուածով, իսկ դիակի նախնական զննումէն ետք թուրք փորձագէտներու եզրակացութեան համաձայն՝ դերասանը մահացած է կասկածելի հանգամանքներու մէջ: Կը նշուի, որ դերասանը ուշակորոյս եղած է Պէյօղլու թաղամասի Նուրի Զիյա փողոցը գտնուող Ազատ մասոններու միութեան շէնքի վերելակին մէջ: