ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ ընթերցման հանդիպումներու շարքին տեղի ունեցաւ քննարկում «Արդի հայ քնարերգութիւն-Սփիւռք», ժողովածոյին, որ հրատարակուած է Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ։ Ժողովածուն ներկայացուց բանաստեղծ Շուշիկ Տասնապետեան։
Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ անցնող ամրան Հայաստանի մէջ կայացած Գրողներու համահայկական խորհրդաժողովին ընթացքին հրապարակուած է «Արդի հայ քնարերգութիւն-Սփիւռք» ժողովածուն, որուն խմբագիրն է Արեւշատ Աւագեան։
Գրիգորեան յայտնեց, որ նախաձեռնութիւնը գնահատելի ըլլալով կան բազմաթիւ մտահոգութիւններ, որոնք սփիւռքահայ գրողներուն կողմէ պէտք է քննութեան առարկայ դառնան, որպէսզի յառաջիկայ հրատարակութիւնները առաւել եւս ամբողջական ըլլան։
Ապա խօսք առաւ Շուշիկ Տասնապետեան, որ նախ ներկայացուց գիրքին յառաջաբանէն բխած մտահոգութիւններ։ Տասնապետեան ըսաւ, թէ ժողովածոյին կազմութեան գծով յստակ է, որ չեն ճշդուած ու յարգուած սկզբունքներ, եւ բոլոր անոնք, որոնք բանաստեղծութիւն կը գրեն, սփիւռքահայ գրող նկատուած են, ինչ որ ճիշդ չէ։ Շուշիկ Տասնապետեան նկատեց, որ ժողովածոյին կազմութեան մէջ պէտք էր ընտրովի մօտեցում որդեգրուէր, որպէսզի արժեչափերը յարգուէին։
Ապա զեկուցաբերը խօսեցաւ գիրքին մէջ լոյս տեսած վրիպակներուն մասին, որոնք թիւով շատ են եւ որոնք ցոյց կու տան, որ աշխատանքը բծախնդրութեամբ չէ կատարուած։ Իր խօսքի աւարտին, Շուշիկ Տասնապետեան հաստատեց, որ «Արդի հայ քնարերգութիւն-Սփիւռք» ժողովածուն սփիւռքահայ բանաստեղծներու հարազատ հայելին է՝ իր լաւ ու վատ երեսներով։
Զեկուցումէն ետք ներկաները զրոյցի ընդմէջէն քննարկեցին ժողովածոյին բովանդակութիւնն ու մանրամասնութիւնները, արեւմտահայերէնի նկատմամբ դրական մօտեցում ունենալու կարելիութիւնը, Գրողներու համահայկական խորհրդաժողովները եւ այլ խնդիրներ՝ շեշտելով, որ անպայմանօրէն պէտք է ստեղծել երկկողմանի յարաբերութիւններ՝ լուծելու համար առկայ բոլոր խնդիրները՝ յանուն հայ գրականութեան պահպանման ու զարգացման։