
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, Ատրպէյճանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ եթէ Հարաւային Կովկասի վրայ արտաքին ճնշումը դադրի, ապա կարելի է լուծում մը գտնել ղարաբաղեան հակամարտութեան:
«Իրան կը յուսայ, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը լուծուի խաղաղ միջոցներով», աւելցուց Ահմատինեժատ, միաժամանակ ողջունելով այն ջանքերը, զորս երկու կողմերը առաջ կը տանին՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար, միջազգային օրէնքներու համապատասխան:
Իրանի նախագահը նաեւ յայտնեց, որ Արեւմուտքը պէտք է դադրի Իրանի հետ սպառնական ոճով խօսելէ, եթէ կ՛ուզէ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բոլոր կողմերուն ընդունելի համաձայնութեան մը հասնիլ։ Ան նաեւ անկարեւոր համարեց երկրին դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները: «Իրան հարուստ երկիր է. նոյնիսկ վերջին վեց ամիսներուն, մինչ պատժամիջոցները հաստատուած են, մեր տնտեսութիւնը աճ արձանագրեց»։
Ան նաեւ առաջարկեց Սեպտեմբերի 11ի ահաբեկչական արարքները հետաքննելու նպատակով «չէզոք եւ համընդհանուր վստահութեան վայելող խումբ մը» կազմել, որպէսզի «պատժուին իսկական մեղաւորները»: