
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ.Փի.».- Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին ձերբակալած է «մօտաւորապէս կէս երկվեցեակ» հայեր, որոնք մաս կը կազմեն «Armenian Power» անունով յայտնի խումբին եւ կ՛ամբաստանուին բանտային խռովութիւններ հրահրելու յանցանքով:
Ըստ ոստիկանութեան աղբիւրներուն, Օգոստոս 22ին, Քաթէյիքի բանտին մէջ տեղի ունեցած խռովութիւնները կազմակերպուած էին ձերբակալեալներուն եւ մեքսիքական հրոսակախումբի մը անդամներուն համագործակցութեամբ: Խռովութիւններուն հետեւանքով քանի մը բանտարկեալներ վիրաւորուած էին, իսկ անոնց պատճառած նիւթական վնասը հասած էր 250,000 տոլարի: