
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Արցախի խոստացուած օժանդակութիւններուն մասնակի փոխանցումին կապակցութեամբ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ իշխանութեանց ուղղուած հարցումները, երկրորդ անգամն ըլլալով, անբաւարար պատասխաններ ստացած են:
Արդարեւ, ծերակուտականը նախ Նոյեմբեր 17ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ կատարուած հարցաքննութեան ընթացքին հարց տուած էր Միջազգային զարգացման Միացեալ Նահանգներու հիմնարկի (USAID) տնօրէնի օգնականի պաշտօնին թեկնածու Փէյճ Իվ Ալեքսանտրին, թէ 12 տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի խոստացուած 60 միլիոն տոլարէն 25 միլիոն տոլարը ինչո՞ւ տեղ չեն հասած. Ալեքսանտր խուսափողական պատասխաններ տուած էր:
Աւելի ուշ, Մենենտեզ ներկայացուցած էր գրաւոր հարցում մը, ուր կը շեշտէր, թէ անցեալ տարուան ամավարկին մէջ Արցախի խոստացուած 8 միլիոն տոլարէն միայն 2 միլիոնը յանձնուած է, եւ հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ ամբողջական գումարով ծրագիրներ չեն իրականացուիր:
Իբրեւ պատասխան, Ալեքսանտր խոստացած է, պաշտօնին նշանակուելու պարագային՝ այս հարցով մօտէն գործակցիլ ծերակուտական Մենենտեզի հետ: Ան աւելցուցած է, թէ հիմնարկը ամերիկեան կառավարութեան միակ մարմինն է, որ ծրագիրներ կ՛իրագործէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, աւելցնելով, թէ շրջանին զարգացման գործին մէջ կարեւոր նպաստ բերած է նաեւ հայութիւնը:
Յայտնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը առաջին անգամ 1997ին վաւերացուց Արցախին ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրելու որոշում մը, հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ընդդիմութեան, որմէ ետք այս հարցը Ատրպէյճանի իշխանութեանց շարունակական յարձակումներու թիրախը դարձած է:
Այս մասին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կատարած ամբողջական ուսումնասիրութիւնը կարելի է կարդալ հետեւեալ կայէջին վրայ՝ www.anca.org/assets/pdf/misc/US_assistance_to_NKR.pdf: