ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն, գրեթէ ամէն օր մամուլին հրապարակած տնտեսական ցուցանիշներուն հետ մեր հոգին ալ վերիվայրումներ կ՛ապրի:
Անգործութեան բարձր տոկոսը, որ կը տագնապեցնէ ամբողջ աշխարհը, մեր շրջապատին մէջ սոսկ թիւ մը չէ, այլ կը ներկայանայ մեր ընկերներու ու բարեկամներու անձերով՝ հոգեպէս ճնշելով բոլորս:
Տնտեսագէտ չըլլալով, մասնագէտ վերլուծողներու ամէնօրեայ գուշակութիւններուն կառչած՝ օր մը կը յուսավառուինք, որ ահա, արդէն անկիւնադարձը ապահովուած է եւ վերելքը երաշխաւորուած. յաջորդ օրը, սակայն, ճարտարարուեստի աշխարհէն սառեցնող քամիներ կը հասնին ու դարձեալ կը նետեն մեզ անկումային ու նահանջի տրամադրութեան մէջ:
Ուրկէ՞ եւ յատկապէս ե՞րբ պիտի գայ փրկութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուի անգործութիւնը, ու մարդիկ աշխատանքով իրենց ընտանիքը պահելու հաճոյքը վայելեն:
Դեմոկրատ-հանրապետական քաղաքական մրցապայքարէն, ըստ տրամաբանութեան, յաղթական պէտք է դուրս գայ տնտեսական տագնապի լուծման ճանապարհները ցոյց տուող կուսակցութիւնը: Քոնկրեսի վերջին ընտրութիւնները, սակայն, ցոյց տուին, թէ տնտեսական տագնապի ստեղծած անորոշութեան ու յուսահատութեան զգացումները կարելի է վարպետօրէն օգտագործել՝ շօշափելի յաղթանակներ ապահովելու, առանց տնտեսական լուծումներուն հարեւանցիօրէն իսկ մօտենալու:
Ընտրութիւնները մեր ետին են հիմա ու իւրաքանչիւր ընտրուած քաղաքագէտ գիտէ արդէն, որ գործ պիտի ունենայ աւելի պաղարիւնաբար իր դիրքորոշումը ճշդելու հոգեվիճակ մտած քուէարկողներու հետ, որոնք պիտի չխաբուին սին խոստումներով եւ պիտի ակնկալեն շօշափելի քայլեր, որոնք անմիջական ապագային նոր գործատեղիներ պիտի ստեղծեն ու աշխատանք հայթայթեն իրենց:
Անգործութեան դէմ պայքարի ամէնէն ուժեղ զէնքը այդ է՝ քուէարկողին սթա՛փ դիրքորոշումը: