
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յարգելու համար 1988ի Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը՝ Դեկտեմբեր 7ին, Ստեփանակերտի յուշահամալիր այցելած են Արցախի իշխանութիւնները՝ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, ու ծաղկեպսակներ զետեղած՝ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին։
Օրուան ընթացքին յուշահամալիր այցելած են նաեւ հազարաւոր արցախցիներ: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ կայացած է Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւն: Սրբազանը յայտնած է, թէ Սպիտակի երկրաշարժի արհաւիրքը եղաւ այն ժամանակ, երբ թափ կ՛առնէր արցախեան շարժումը: Արցախի հոգեւոր թեմի առաջնորդին հաւաստումով, երկրաշարժը մեծ փորձութիւն էր հայ ժողովուրդին համար, որ հերոսաբար կրցաւ յաղթահարել եւ կը շարունակէ վերացնել ատոր հետեւանքները: