ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակի ձեռնարկները Արեւմտեան այս ափին սկսան անցեալ շաբաթավերջին, Ուրբաթ օր տեղի ունեցած «Կլոր սեղան»ով, ապա յաջորդ օրը կայացած ամբողջօրեայ գիտաժողովով ու Կիրակի երեկոյի ճաշկերոյթով:
Բոլոր անոնք, որոնք առիթը ունեցան ներկայ ըլլալու այս ձեռնարկներէն որեւէ մէկուն, կրնան վկայել, որ թէ՛ ժողովրդային մասնակցութեամբ, թէ՛ ծրագիրներու գործադրութեամբ, յաջող միջոցառումներ հրամցուեցան հանրութեան:
Երեք ձեռնարկներուն ալ ներկայ եղողները պիտի վկայեն, թէ բոլորովին տարբեր բովանդակութիւն ունեցող յոբելինական երեք միջոցառումները խօսուն ապացոյցներ եղան կազմակերպութեան լայն ժողովրդականութեան, համակիրներու եւ զօրակցողներու մեծ շրջանակին, ինչպէս նաեւ ինքզինք նոյնիսկ ակադեմական ամէնէն սուր քննարկումներու բանալէ չխուսափող խիզախութեան:
Անցեալ շաբաթավերջի ձեռնարկները («Կլոր սեղան»ի մասին «Ասպարէզ»ը տեղեկագրեց երէկուան իր թիւով, միւս ձեռնարկներու մասին թղթակցութիւնները լոյս կը տեսնեն Շաբաթ օր) յոբելինական միջոցառումներուն առաջին փուլն էին: Երկրորդ փուլը կը շարունակուի այս շաբաթ, մամուլի եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումով (երէկ գիշեր), Դաշնակցութեան ընկերային գաղափարախօսութեան հարցերու քննարկումով (այսօր, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ» եւ Կիրակի երեկոյեան, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի սրահին մէջ տեղի ունենալիք ժողովրդային հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ:
Անցեալ շաբաթավերջի ձեռնարկներու աննախընթաց յաջողութիւնը մեզ կը վստահեցնէ, որ Կիրակի օրուան ժողովրդային տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլայ հոծ բազմութիւն մը, եւ սրահը պիտի յորդի ու պայթի… ոգեւորութեան եւ խանդավառութեան պոռթկումներով:
Ամէն ծրագիր կը նախատեսէ գագաթնակէտ մը ունենալ. Կիրակի երեկոյեան ժողովուրդը տասնօրեայ այս բուռն օրերու ծրագիրը պիտի պսակէ իր հոծ ներկայութեամբ: