
Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2010ին, շրջանի հայութիւնը իր վերջին յարգանքը մատուցեց եւ հողին յանձնեց վաստակաշատ ուսուցիչ, հայ մշակոյթի ջատագով եւ հաւատաւոր ՀՄԸՄական Կարպիս Շխրտըմեանը, խոր վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն, աշակերտներուն եւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:
Եղբ. Շխրտըմեանի մահով շրջանի հայութիւնը կորսնցուց արժանաւոր հայ մը, որ ամբողջ կեանքը նուիրած էր իր ազգի գոյատեւման ճանապարհին՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ ՀՄԸՄական ղեկավար:
Հանգուցեալ Կարպիս Շխրտըմեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2010, կէսօրէ ետք ժամը 2:30ին, Հոլիվուտի գերեզմանատան «Նորթ Հիլզ» մատրան մէջ, գլխաւորութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ընկերակցութեամբ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն քհնյ. Վասիլեանի եւ թեմի եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերուն: Հոն էին ՀՄԸՄի կեդրոնական, շրջանային եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեանց ներկայացուցիչները, բազմահարիւր ՀՄԸՄականներ, «Ալէք Փիլիպոս» Ազգ. վարժարանի շրջանաւարտներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, պատկան մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընտանեկան պարագաներ եւ հարազատներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, հանգուցեալի ընտանիքին անունով դամբանական կարդաց քրոջորդին՝ Կարօ Իսբէնճեանը, որ առաջին հերթին, իր մօրեղբօր ապրած 63 տարիները իրագործումներով եւ գնահատականներով հարուստ կեանք մը նկարագրելով՝ բախտաւոր զգաց ինքզինք ունենալու հանգուցեալը՝ որպէս իր երկրորդ հայրը, ուսուցիչ, դաստիարակ, ընկեր, մեծ եղբայր, ատենապետ ու գործակից: Իսկ նկարագրելով հանգուցեալի թափառական կեանքը մինչեւ Լոս Անճելըս հաստատուիլը՝ ընդգծեց ընտանիքով եւ յատկապէս միշտ հարազատներով շրջապտուած ըլլալու անոր սէրը:
Անդրադառնալով իր ուսուցչական կոչումին՝ ըսաւ. «Կասկած չկայ, որ Կարպիս մեծցաւ հայ: Հպարտ էր իր ազգով, մշակոյթով, ընտանիքով, աշակերտներով. գիտակից էր իր կոչումին՝ ծառայել իր ժողովուրդին, եւ իսկապէս ծառայեց հաւատքով, անսակարկ, լրիւ, ըլլայ այդ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» վարժարանին մէջ, թէ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ»:
Ապա, հայրական մխիթարական իր օրհնութիւններն ու ցաւակցութիւնները փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ իր հերթին անդրադարձաւ 30 տարիներու իրեն ծանօթ Շխրտըմեան ընտանիքի ազգային, եկեղեցական, նահապետական եւ աւանդական դաստիարակութեան, որոնք աղբիւրը հանդիսացած էին հանգուցեալի ծառայասիրութեան եւ առաքելութեան:
Սրբազան հայրը, ի տես հոծ բազմութեան, սգակիր ընտանիքին վստահեցուց ըսելով. «Այսօր եթէ երբեք սիրելիներ, եղբայր-քոյրեր, հարազատներ, կը տեսնէք, որ Կարպիսին ընկերները եւ աշակերտները այնքան բազմաթիւ են եւ այստեղ կու գան իրենց յարգանքը տալու, մի կարծէք, որ միայն Կարպիսը այդքան ընկերներ եւ բարեկամներ ունի: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունի, որովհետեւ դուք անանձնական սիրով նուիրուած էք ձեր ասպարէզին եւ ձեր ծառայական կեանքին, ինչ որ Աստուած շնորհած է ձեզի իբրեւ մտածում, իբրեւ գիտութիւն իբրեւ կրթութիւն, այդ բոլորը դուք ձեր հոգիէն եւ ձեր սրտէն փոխանցեցիք, ինչպիսին էր Կարպիսը»:
Սիրելիի մը կորուստի ցաւին գիտակից, սրբազան հայրը շեշտեց, թէ «Մեռելները կը մեռնին, երբ երազը, երբ յոյսը եւ երբ հաւատքը մեռնի եւ մարի: Կարպիսը մենք բոլորս կորսնցուցինք, բայց ան իր ետին թողուց այնքան պատուական աւանդ մը, նախ իր կնոջ՝ Անահիտի, սրտին մէջ, իր եղբօր՝ Մհերին, քոյրերուն՝ Աշխէնին, Նորային, Ուռիին, զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն մէջ»:
Եզրակացնելով՝ առաջնորդ հայրը Շխրտըմեան ընտանիքին մաղթեց, որ իրարմով զօրացած եւ հարստացած, զիրար մխիթարեն այս կորուստին դիմաց:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, ներկաները անցան հանգուցեալի դագաղին քովէն, խաչակնքելով իրենց յարգանքը մատուցեցին եւ այնուհետեւ հետեւեցան ՀՄԸՄի դրօշով ծածկուած հանգուցեալի դագաղը գերեզման առաջնորդող սգակիրներու թափօրին, թաղման արարողութիւնը կատարելու:
ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան եւ հանգուցեալի անդամակցած ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի անունով դամբանական կարդաց ՀՄԸՄական Մարօ Քէշիշեանը, որ զոյգ մարմիններու կողմէ ցաւակցութիւններ յայտնելէ ետք, ներկայացուց հանգուցեալ եղբօր ՀՄԸՄականի տիպարը՝ ըսելով. «Այո՛, եղբ. Կարպիս Շխրտըմեան ոչ եւս է, սակայն անոր անունը անքակտելիօրէն կապուած է շրջանի ՀՄԸՄին եւ յատկապէս ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, որուն անդամ էր 1978էն ի վեր եւ իր բեղուն գործունէութեամբ անոր տիպար անդամներէն մէկը դարձած էր»:
Ներկայացնելէ ետք հանգուցեալի ՀՄԸՄական հարուստ կեանքը՝ ան վստահեցուց, թէ «Անմոռանալի է Կ. Շխրտըմեանի օգտակար ներդրումը շրջանի ՀՄԸՄի կեանքի զարգացման մէջ, որ անջնջելի պիտի մնայ անոր պատմութեան էջերուն վրայ: Ան նուիրեալ միութենական մըն էր, որ իր «ես»ը մէկ կողմ դնելով՝ միշտ աշխատած էր ի սէր ՀՄԸՄի նպատակներու իրականացման եւ անոր առաքելութեան քարոզչութեան: Եղբօր նուիրումի ոգին եւ կատարած աշխատանքները անկասկած միշտ յիշատակութեան պիտի արժանանան զինք ճանչցող բոլոր ՀՄԸՄականներուն կողմէ:
Մարօ Քէշիշեան, հանգուցեալի ընկերասիրութեան ոգին շեշտելէ ետք եզրակացուց. «Եղբայր Կարպիս, հանգիստ գնա՛ այս աշխարհէն, վստահ եղի՛ր, որ ՀՄԸՄի աշխատանքները ապահով ձեռքերով կը շարունակուին: Գնա՛ խաղաղ եւ միացիր շրջանի ՀՄԸՄի հիմնադիր մեր եղբայրներուն, ու պատմէ անոնց ՀՄԸՄի հզօրացման մասին: Քու հոգիիդ հետ թող խաղաղօրէն սաւառնին եղբ. Բարսեղեաններու, Առաքելեաններու, Տէր Պօղոսեաններու, Նիկոլներու եւ Օվայեաններու հոգիները: Թող վստահ ըլլան, որ իրենց ժառանգորդները հաստատակամութեամբ պիտի շարունակեն հզօրացնել հայակերտման դարբնոց հանդիսացող ՀՄԸՄը»:
Թաղման արարողութենէն ետք, դագաղի վրայ դրուած ՀՄԸՄի դրօշը սկաուտներուն կողմէ ծալլուեցաւ, եւ շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի կողմէ յանձնուեցան հանգուցեալի այրիին՝ Անահիտ Շխրտըմեանի:
Մինչ ներկաները ծաղիկներ եւ հող կը թափէին դագաղին վրայ, հանգուցեալի շրջանաւարտ աշակերտներն ու ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրները խմբերգեցին հանգուցեալի պաշտած միութեան՝ ՀՄԸՄի, «Յառաջ Նահատակ Ցեղի անմահներ» քայլերգը:
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ մատուցուեցաւ Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահէն ներս. ընթացքին ցաւակցական ելոյթ ունեցաւ Վիգէն քհնյ. Վասիլեանը: Սգակիրները մեկնեցան տուն՝ իրենց հետ տանելով Կարպիս Շխրտըմեանի վառ յիշատակները:
«Թղթակցութիւնը տրամադրուած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանային վարչութեան կողմէ»
————————————————————————————-
Կարպիս Շխրտըմեանի Կենսագրական Գիծերը
Ծնած էր 27 Հոկտեմբեր 1947ին, Պէյրութ, Լիբանան՝ աւանդապահ, համեստ, հաւատացեալ եւ ազգային ընտանեկան յարկի մը տակ: 1967ին, աւարտած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Անդամակցած էր իր ծննդավայրի ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, ապա Ուսանողական միութեան, ուրկէ եւ անցած էր ՀՅԴի շարքերը:
1967ին փոխադրուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքը, սակայն մէկ տարի ետք վերջնականապէս հաստատուած էր Լոս Անճելըս: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք, 1979ին եւ այնուհետեւ աւելի քան 35 տարիներ ան իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած էր «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» Ազգ. վարժարանէն ներս՝ նոր էջ մը բանալով կեանքի իր պատմութեան մէջ:
1985ին, երջանկութեան նոր աղբիւր մը բխած էր իր սրտին մէջ, երբ ամուսնացած եւ տիպար հայ ընտանիք մը կազմած էր կողակիցին՝ Անահիտ Կէօզիւպէօյիւքեանի հետ:
Երկար տարիներ մաս կազմած էր «Գուսան» երգչախումբին եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դասին: 1978էն ի վեր անդամ էր ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ուր ստանձնած էր պատասխանատու զանազան պաշտօններ՝ Սկաուտական խորհուրդի անդամ, Դաստիարակչական յանձնախումբի պատասխանատու, վարչութեան ատենադպիր եւ երկար տարիներու ատենապետ:
Վեց շրջաններ ընտրուած էր ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան անդամ: Գործօն մասնակցութիւն բերած էր ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն, եւ երկար տարիներ կատարած էր անոր փակման հանդիսութեանց խօսնակի պարտականութիւնը:
Միշտ մասնակցած էր ՀՄԸՄի Շրջանային ներկայացուցչական ժողովներուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի 5րդ եւ 6րդ Ընդհ. ժողովներուն:
Ազգ. վարժարաններու կողմէ պարգեւատրուած էր իբրեւ «Տիպար Ուսուցի»չ, ՀՄԸՄի շրջ. վարչութեան կողմէ՝ «ՀՄԸՄի Ծառայութեան» շքանշանով, իսկ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի վարչութեան կողմէ՝ իբրեւ «Մասնաճիւղի Տիպար ՀՄԸՄական» եւ արժանաւոր ատենապետ:
Կարպիս Շխրտըմեան եզակի դէմք մըն էր եւ միշտ պիտի յիշուի իբրեւ բոլորին սիրելի «պարոն եւ եղբ. Կարպիսը»: