ԱՇՏԱՐԱԿ, «Արմէնփրէս».- Հայ անուանի վիպասան Պերճ Պռօշեանի մահուան 103րդ տարելիցին առիթով, անոր ծննդավայր Աշտարակի մէջ գտնուող տուն-թանգարանէն ներս, Դեկտեմբեր 6ին կազմակերպուած էր յոյշ-երեկոյ մը, որուն ներկայ էին մարզի ղեկավարութիւնը, քաղաքի մտաւորականութեան ներկայացուցիչները, գրողին ժառանգները եւ թանգարանի մշտական այցելուները: Ներկաները իմացան մանրամասնութիւններ՝ թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ ներկայացուած գրողի մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն մասին, որոնք կապուած են Աշտարակի հետ: Իսկ հասունութեան տարիներուն, գրողը գրական, թարգմանչական, թատերական եւ մշակութային գործունէութիւն ծաւալած է Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Ռուսիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ։
Աշտարակի «Պերճ Պռօշեան» դպրոցի աշակերտներուն ներկայացումներէն ետք, վիպասանին մասին առանձնակի ակնածանքով խօսեցան անոր ժառանգները: