ՍՊԻՏԱԿ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 7ին ամբողջացաւ Սպիտակի երկրաշարժին 22րդ տարելիցը: 1988 Դեկտեմբեր 7ին, Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով, զանգուածային վնասուածքներու եւ փլուզումներու ենթարկուեցան հազարաւոր շինութիւններ, ու զոհուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ։
Յիշեցնենք, որ Սպիտակի երկրաշարժը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով՝ ժամը 11:41ին։ Ուժգնութիւնը եղած էր 10 պալ:
Երկրաշարժին հետեւանքով աւերուած էր Հայաստանի բնակելի տարածքներուն 17տոկոսը, դադրած էր գործելէ արդիւնաբերական 170 ձեռնարկութիւն, մեծ վնաս հասած էր գիւղերուն եւ գիւղատնտեսական համալիրին, ճարտարապետական, պատմական ու արուեստի յուշարձաններուն: Ազգաբնակչութեան եւ փրկարարներու ջանքերով, փլատակներէն զոհուած կամ ողջ հանուած է աւելի քան 45 հազար մարդ:
2001ին հաստատուած Աղէտի գօտիի վերականգնման համալիր ծրագիրով, պետական պարտաւորութիւններ ձեւաւորուած են Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի եւ Տաւուշի մարզերու բնակավայրերուն մէջ բնակարանային խնդիրներ ունեցող 14,920 ընտանիքներու հանդէպ: Արդարեւ, 2001-2008ի ընթացքին իրականացած ծրագիրներուն շնորհիւ, 14,920 ընտանիքներէն 13,347ը բարելաւած է իր բնակարանային պայմանները:
Տակաւին անօթեւանի կարգավիճակ ունեցող անձանց բնակարանային խնդիրներու լուծման առնչուող հարցերը կարգաւորուած են ՀՀ կառավարութեան որոշումով, հաւանութեան արժանացած հայեցակարգով մը: Հայեցակարգի դրոյթներուն համաձայն, մինչեւ 2013 կը նախատեսուի լուծել աղէտի գօտիի բնակավայրերուն մէջ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած 6930 ընտանիքի բնակարանային խնդիրները: Ըստ քաղաքաշինութեան նախարարութեան բաժինին, այս տարուան ընթացքին բնակարանային ապահովման աջակցութիւն ստացած է 1056 ընտանիք Գիւմրիի, 220 ընտանիք Սպիտակի եւ շուրջ 525 ընտանիք Լոռիի գիւղերուն մէջ:
Խօսելով երկրաշարժին մասին՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան յայտնած է, որ կորուստը հնարաւոր չէ մոռնալ. «Մենք շարունակում ենք յիշել մեր ննջեցեալներին եւ աղօթում ենք նրանց հոգիների խաղաղութեան համար: Մաղթում ենք, որ Աստուած այլեւս նման փորձութիւն չտայ մեր ժողովուրդին: Իսկ մեր ժողովրդին էլ մաղթում ենք յարատեւ տոկունութիւն: Նա արդէն ապացուցել է, որ աշխարհում ամենատոկուն ժողովուրդն է. այդ ուժը թող չպակասի: Վերակառուցել քաղաքը հնարաւոր է, բայց այն վէրքը, որ մարդիկ ստացան, որքանո՞վ է բուժելի», նշած է թեմի առաջնորդը:
Իսկ Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան, անդրադառնալով Գիւմրիի մէջ անցած տարիներուն իրականացած բնակարանաշինութեան՝ յոյս յայտնած է, որ բնակարանային խնդիրը քաղաքին մէջ շուտով ամբողջովին լուծուի: «Ես հաւատում եմ, որ մենք շուտով չենք ունենայ բնակարանային խնդիր, բայց լուծուած չէ գործազրկութեան հարցը: Ցաւում եմ, որ երբեմնի խոշոր արդիւնաբերական քաղաքն այսօր ունի նման լուրջ խնդիր», նշած է Վ. Ղուկասեան:
Ներկայացնելով իրականացած կարգաւորուող արդիւնքները՝ «Շիրակ կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Վահան Թումասեան յայտնած է, թէ Գիւմրիի մէջ տակաւին կայ բնակարանամուտի սպասող շուրջ 3200 անօթեւան ընտանիք, իսկ Շիրակի մարզի միւս համայնքներուն մէջ այդ թիւը 529 է: Ըստ իրեն, Գիւմրիի մէջ բնակարանային ապահովման աջակցութիւն ստացած է 1056 ընտանիք:
«1988ի երկրաշարժի հետեւանքով, աղէտի գօտում աւերուել է 22,000 բնակարան, իսկ 1988ից առ այսօր, կառուցուել է 18,000ը: Հաշուի առնելով մի շարք ընտանիքների ամբողջութեամբ զոհ գնալը, որի հետեւանքով այդ ընտանիքներից այլեւս բնակարանի պահանջատէրեր չկան, ինչպէս նաեւ այն ընտանիքները, որոնք աղէտից յետոյ կարողացել են ձեռք բերել բնակարան՝ հանրապետութեան այլ վայրերում, ստացւում է, որ 18,000 կառուցուած բնակարանները լիովին պէտք է բաւականեցնէին պահանջները: Բայց մենք ունենք բնակարանամուտի սպասող շուրջ 3200 ընտանիք», ըսած է Վ. Թումասեան:
Լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, երկրաշարժի դէմ շինարարութեան հայկական ընկերակցութեան նախագահ Միքայէլ Մելքումեան յայտնած է, թէ Հայաստան կը գտնուի չափազանց վտանգաւոր գօտիի վրայ: Ըստ իրեն, այդ երկրաշարժէն տակաւին դասեր չենք քաղած. «Մենք ունենք շատ ծանր ժառանգութիւն, որ ստացել ենք Խորհրդային Միութիւնից: Կենտրոնական կառավարութիւնն այն ժամանակ առանձնապէս ուշադրութիւն չէր դարձնում Հայաստանի վրայ, որովհետեւ Հայաստանը մի կէտ էր ամբողջ սովետական տարածքի համար, եւ հակուած չէր մեծ ծախսեր անել Հայաստանում սէյսամակայուն շէնքեր կառուցելու համար», ըսած է բանախօսը՝ շեշտելով, որ այսօր մենք այդ իրաւունքը չունինք:
«Մենք այսօր պետութիւն ենք, ազգ, որը պարտաւոր է մտածել իր անվտանգութեան, այդ թւում եւ՝ սէյսմիկ անվտանգութեան մասին», աւելցուցած է Մ. Մելքումեան:
Խօսելով այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին՝ մասնագէտը նշած է, որ ներկայիս մշակուած են երկրաշարժի չափանիշները, ըստ որոնց, պէտք է կատարուի շէնքերու նախագիծ: Անոր գնահատումով, միայն այդ պարագային, աղէտի գօտիի շէնքերը յուսալի կ՛ըլլան. «Անհնարին ոչինչ չկայ, միայն պէտք է կառուցել, նախագծել ու հաշուարկել՝ գրագէտ ու ճիշդ: Այդ ժամանակ մենք կարող ենք հանգիստ քնել», յայտնած է մասնագէտը:
Հաշուարկներու եւ հետազօտութիւններու համաձայն, Երեւանի մէջ կայ 41 հազար շէնք ու շինութիւն, որոնք կառուցուած են առանց որեւէ չափանիշներու. «Բոլոր այդ շէնքերն արդէն սպառել են իրենց կեանքը», ըսած է Մ. Մելքումեան:
Նշենք, որ երկրաշարժի 22րդ տարելիցին առիթով, Դեկտեմբեր 7ի առաւօտեան, Գիւմրիի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Նշան եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած է հոգեհանգիստի պատարագ, որուն մասնակցած են քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: