ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի խօսքը՝ Կիրակի, Դեկտեմբեր 12ին, Կլենտէյլի մէջ կայացած ՀՅԴ 120 ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին.
«Հոգ չէ թէ մի օր վահանով կը դառնաք, միւս օր՝ վահանի վրայ, արդիւնքը նոյնն է՝ յաղթութիւնը…»։ Դաշնակցութեան խիղճը ներկայացնող Հիմնադիր Երրորդութենէն անմահն Սիմոն Զաւարեանի խօսքն է այս։
Այո, արդիւնքը յաղթութիւնն է. պայքարին վախճանը՝ անպայման որ յաղթանակն է։
Յաղթանակի վճռակամութեամբ 120 տարիներ շարունակ, Դաշնակցութիւնը իր պայքարին մէջ ընկրկում չունեցաւ, հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ հալածանքի ու դժոխային շատ ճամբաներէ անցաւ, տուաւ անհամար զոհեր, բայց միշտ մնաց իր ժողովուրդին կողքին։ Եղաւ գերազանցօրէն ժողովուրդին կուսակցութիւնը։
Դաշնակցութիւնը եղաւ ժամանակի, բայց մանաւանդ ապագայի կուսակցութիւնը, մնաց ու կը շարունակէ ըլլալ մեր ազգային իղձերու իրագործման ու պահանջատիրութեան ծանր գործի առաջամարտիկը։ Ամբողջական Հայաստանի կերտումով աշխարհասփիւռ հայութիւնը հաւաքելու մեր նպատակը, ամէնօրեայ ապրող պայքար է, եւ ոչ թէ երազ։
Մեր շրջանի հայութիւնը ամէն առիթով պատասխանեց Դաշնակցութեան կոչին՝ թեւ ու թիկունք կանգնելով հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ օգնութեան կարիքը ունեցող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ երբ աղէտներ ու տագնապներ կամ հայութեան քաղաքական դատը վտանգուող կացութիւններ ստեղծուեցան, երբ ազգի եւ հայրենիքի ապահովութիւնը որեւէ տեղ վտանգուեցաւ։ Կուսակցութեան հանդէպ ժողովուրդի այս վստահութիւնը առաւել եւս կը պարտաւորեցնէ մեզի, որ մեր ուժերու եւ կարելութիւններու առաւելագոյն լարումով շարունակենք հայութեան դատի պաշտպանութեան մեր գործը։
Այս առումով, ամէն օր, քիչ մը աւելի գործ ունինք ընելիք, յատկապէ՛ս երբ քաղաքական կացութիւնները ամենուրէք աւելի կը բարդանան, եւ արագութեան ու արհեստագիտութեան դարը շատ աւելի անմիջական քայլեր կը պարտադրէ։
Այս պատճառով կարեւոր է ունենալ ազգային ամուր ու գործունեայ կառոյցներ։ Ընդհանրապէս Սփիւռքի եւ յատկապէս մեր գաղութի վերահզօրացումը եւ անոր հաստատութիւններու ամրացումը դարձած է անյետաձգելի օրակարգ։ Աւելին՝ տակաւին կարիքը կայ ազգային համախոհ քաղաքական ծրագրի մը շուրջ Սփիւռքի հայութեան համախմբումին։ Հոս, պէտք է շեշտել միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէ՛ս երբ հարցերը կը վերաբերին ազգային հիմնախնդիրներու։ Պէ՛տք է ամրապնդել Սփիւռքի ազգային ինքնութիւնը եւ կազմակերպել քաղաքական դերակատարութիւնը, անոր կարողութիւնները ուղղելու համար դէպի Հայաստանի պետականութեան հզօրացում եւ Հայ Դատի հետապնդում։
Սփիւռքի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքներու տարուէտարի արձանագրուող թափը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայութեան քաղաքական գիտակցութեան առաւել ամրապնդումը եւ այդ ներուժը Հայ Դատի գործին ծառայեցնելու իրողութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու տարածքին ամէն օր ականատես էք Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր շուրջ հաւաքուած հազարաւոր զինուորագրեալներու անդուլ պայքարին, Հայաստանի թէ Արցախի պետականութեանց հզօրացման եւ զօրակցութեան ուղղութեամբ առնուած քայլերէն սկսեալ՝ հայկական քուէի ուժը հայութեան դատին ծառայեցնելու հսկայական աշխատանքէն, մինչեւ Սանթա Մոնիքայի հայ թաքսիի վարորդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան սոցիալական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր իրագործումը։ Հայոց Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւը Ամերիկայի Քոնկրեսի մէջ վաւերացնելու պայքարը մեծ թափով կը տարուի վերջին շաբաթներու ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբին զինուորներուն կողմէ։ Սրահին մուտքին ձեզի բաժնուեցան թղթիկներ, որոնց միջոցով ձեզմէ կը խնդրուի, որ վաղը առաւօտ կապուիք խորհրդարանի խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ եւ իրմէ պահանջէք, որ բանաձեւը անյապաղ քուէարկութեան դնէ։ Այս իմաստով ձեր զօրակցութիւնը մեծապէս ողջունելի է։ Պէտք է գիտակցինք սակայն, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ինքնանպատակ չէ, գործը հոն չ՛աւարտիր, այլ միայն կը սկսի յաջորդ հանգրուանը՝ հատուցման պահանջի հանգրուանը, որուն ճանապարհը շատ աւելի երկար ու փշոտ պիտի ըլլայ։
Ինչ կը վերաբերի երիտասարդութեան, կարեւորութեամբ նշենք, որ հայ երիտասարդութիւնը Դաշնակցութեան մօտեցնողն ու կապողը, գլխաւորաբար արդարութեան իտէալն է, իր ժողովուրդին արդարութիւնը վերականգնելու իտէալը, որուն համար 120 տարիներ կը պայքարինք։ Պայքար՝ բռնատիրութեան դէմ, պայքար՝ անկախութեան համար, պայքար՝ Արցախի ազատագրութեան համար, պայքար՝ մեր հայրենիքէն ներս ընկերային արդար կարգերու հաստատման համար։ Մեր շարքերը խտացնող երիտասարդները, գաղափարի երիտասարդներ են՝ արդարութիւնը վերականգնելու տեսիլքով պայքարող երիտասարդներ։ Դաշնակցութեան մէջ, յատկապէս՝ Ամերիկայի պէս ձուլող, ծայրահեղ ազատական միջավայրի մը մէջ ապրող հայ երիտասարդը կը գտնէ իր անհատականութիւնը կոփող, իր կամքը հզօրացնող եւ իր ինքնութիւնը պահող հնոց մը:
Տարի մը առաջ, երբ այս գաղութը իրաւատէրի ու պահանջատէրի իր ձայնը լսելի դարձուց սայթաքումի ճամբան բռնած հայրենի իշխանութիւններուն, ու տասնեակ հազարներով ողողեց Լոս Անճեըսի պողոտաները այս նոյն բեմէն կը խօսէինք Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներու վտանգին մասին, զգուշացնելով Հայաստանի ի վնաս անոր թաքուն նպատակներէն, նշելով որ անոր ետին նաեւ քօղարկուած է Արցախի անկախութիւնը հարուածելու նպատակը։ Մեր նախատեսութիւնը, ցաւօք սրտի, ճիշդ դուրս եկաւ, եւ շատ չանցած՝ Թուրքիան փրոթոքոլներու վաւերացումը պայմանաւորեց Արցախի հարցի կարգաւորումով, բնականաբար թուրք-ատրպեճանական շահերէն մեկնած։
Այսօր, այդ ազգավնաս փրոթոքոլներու էջը բոլորովին չէ փակուած, վտանգը կը մնայ՝ աննախատեսելի իր աւերներով։ Հետեւաբար, կրկին կոչ կ՛ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ վերջնականապէս դուրս գան այդ խաղէն, ու յետս կոչեն իրենց ստորագրութիւնը։ Կարելի չէ ժողովուրդի համբերութիւնը երկա՜ր չարաշահել։
Նոյն այս բեմէն տարի մը առաջ, շեշտեցինք հայ քաղաքական բեմին վրայ գործող ուժերու, հասարակական կազմակերպութեանց ու մտաւորականութեան ջանքերով համակարգուած ազգային ծրագիր մը ունենալու կարեւորութիւնը՝ ուր ճշդուած ըլլան ազգային հիմնական արժէքները եւ իրաւունքները, որպէսզի նեղ ու սահմանափակ տեսլականով՝ ազգի իրաւունքներու հաշւոյն որոշումներ չտրուին, այնպէս ինչպէս եղաւ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ փրոթոքոլներու հարցով, խնդրոյ առարկայ դարձնելով հայ ժողովուրդի կամքը ներկայացնելու իրենց վստահուած հանգամանքը։
Տարի մը ետք սակայն, տակաւին չենք տեսներ ազգային ծրագրի մը կազմաւորման քայլերը։ Հետեւաբար, որպէս սփիւռքի ամենէն հայահոծ, կարողութիւններով եւ միջոցներով հզօր գաղութ, պարտք կը զգանք վերցնելու այդ նախաձեռնութիւնը, օրինակ դառնալով որ միւս գաղութներն ալ հետեւին մեզի, գործը ճամբայ ելլէ ու հասնի իր լրումին՝ համահայկական ծրագրի կազմութեամբ։
Սիրելիներ, ամէն մէկուս ո՛չ թէ միայն իրաւունքն է մտահոգուիլ ու արտայայտուիլ ընդհանրապէս ազգի հիմնախնդիրնեով եւ յատկամէս մեր գաղութի հարցերով, այլ ատկէ անդին՝ պարտականութիւնն է կեցուածք ճշդելու եւ գործի անցնելու։ Դաշնակցութիւնը յենարան ունենալով իր պատմական փորձառութիւնը, բայց մանաւանդ՝ ժողովուրդի տեսիլքն ու յաղթութեան կամքը, լաւատես է աւելի փայլուն ապագայի մը նկատմամբ։
Նոյն այդ լաւատեսութիւնը եւ ժողովրդային կամքն ու վստահութիւնը ներշնջող եղան որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութեան սփիւռքացումէն ետք՝ Դաշնակցութիւնը լծուի Սփիւռքի հայ գաղութներու կազմակերպման գործին, միշտ ունեալով ապագան իբրեւ հեռանկար:
Այսօր Դաշնակցութիւնը ներկայութիւն է ու կազմակերպական կառոյցներ ունի երեսուն տարբեր երկիրներու եւ աւելի քան 150 քաղաքներու մէջ։ Այս բեմին վրայ տեղադրուած երեսուն տարբեր դրօշակները կը ներկայացնեն այդ երկիրները: Նոյն գաղափարով ու տեսլականով, նոյն ապրումներն ու մտածումները բաժնելով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ, այս օրերուն Դաշնակցութեան 120 ամեակը կը տօենք աշխարհով մէկ:
Անցած երկու շաբաթներուն Լոս Անճելեսի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները յորդեցան հազարաւոր հայորդիներով, որոնք եկան մասնակցելու՝ դաշնակցական խորհրդարանականներու հրապարակային ելոյթին, USC համալսարանի մէջ ակադեմական գիտաժողովին, ժողովրդային ճաշկերոյթ-ընդունելութեան, լրատուամիջոցներու եւ մտաւորականներու հետ դաշնակցական խորհրդարանականներու հանդիպման, ընկերային գաղափարախօսութեան հարցերով համագումարին։ Եւ վերջապէս այսօր, իր գագաթնակէտին հասած ժողովրդային տօնախմբութիւնը, կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու հայ ժողովուրդին վստահութիւնն ու հաւատքը հանդէպ Դաշնակցութեան։ Եւ որպէս այդպիսին՝ մենք, մեր բոլոր կառոյցներով, անգամ մը եւս կը հաստատենք մեր ուխտը՝ պայքարելու մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման համար։
Դաշնակցութեան ուժի աղբիւրը, իր գաղափարական հաւատամքին ու կազմակերպական ամրակուռ շարքերուն առընթեր, գլխաւորաբար իր համակիրներուն ու ժողովրդային լայն զանգուածներուն մէջ է, որ կը հաւատայ հայութան ազգային գաղափարին ու իտէալներուն։ Մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի դէմ ցցուած մարտահրաւէրները եւ վտանգները դիմագրաւելով՝ յաղթական ապագայի կերտումը կախեալ է անկէ, թէ ո՞րքանով վճռակամ ու հետեւողական ենք այդ պայքարին մէջ։ Դաշնակցութիւնը, այդ պայքարի առաջին գիծերուն վրայ գտնուելով, կը հաւատայ, որ այդ կամքը կա՛յ ու աւելի պիտի ամրանայ, մինչեւ վերջնական յաղթանակ։