Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Տօնական օրերու խանդավառութիւն եւ տուներու զարդարանքի օրինակներ ու ճաշակներ։ Ամէն կողմ կարելի է տեսնել գեղեցիկ ծառեր, սիրուն խաղալիքներ, երեխաները եւ չափահասները զուարճացնող երեւոյթներ, եւայն…: Այս բոլորէն անմասն թող չմնայ ձեր տունը։ Ուրախութեամբ զարդարեցէք եւ ձեր ճաշակին յարմարող ձեւով կատարեցէք այդ մէկը։ Ահաւասիկ կարգ մը պարզ եւ արագ օրինակներ, որոնք կրնաք կիրառել եւ սիրուն տուն մը պատրաստել։
—————————————————————
Սուրճը Եւ Մեր Առողջութիւնը (Ա)
Սուրճը շատերուն համար շատ հաճելի ըմպելի կը համարուի առաւօտեան, կէսօրէն ետք երբեմն նաեւ երեկոյեան, սակայն ինչպէ՞ս կրնայ ազդել սուրճը մեր առողջութեան վրայ։
Նոր ուսումնասիրութիւն մը կը բաղդատէ սուրճ խմողները երբեք սուրճ չխմողներուն հետ եւ հետեւեալ իրականութիւնները կը հաստատէ.-
Աւելի նուազ հաւանականութեամբ Type 2 շաքարախտ, բարքինսընզ հիւանդութիւն եւ dementia:
Աւելի նուազ պարագաներ՝ կարգ մը քաղցկեղներու, սրտի անկանոն տրոփումներու եւ կաթուածներու իմաստով։
Անշուշտ տակաւին աւելի լաւ լուրեր գոյութիւն ունին այս իմաստով, քան վատ։ Տակաւին փաստուած չէ այն, թէ սուրճը կրնա՞յ կանխարգիլել տուեալ պարագաները թէ ոչ։ Մասնագէտ ուսումնասիրողները մարդոց չեն պատուիրեր սուրճ խմել կամ չխմել, որպէսզի գիտական փորձեր կատարեն, այլ պարզապէս հարցեր կու տան անոնց իրենց սուրճ խմելու սովորութիւններուն եւ առողջութեան մասին։ Այս ուսումնասիրութիւնները չեն արտացոլացներ պատճառ եւ արդիւնք յարաբերութիւնները։ Շատ հաւանական է որ սուրճ խմողները աւելի լաւ առոցջապահական սովորութիւններ եւ լաւ ծիներ ունին սուրճ խմելու կողքին։ Հետեւաբար հաստատ փաստեր չկան այս իմաստով, սակայն կան նշաններ, որոնք կը ցոլացնեն այս իրականութիւնը։ Միջին հաշուով իւրաքանչիւր ամերիկացի տարեկան 416 գաւաթ սուրճ կը սպառէ։ Եթէ դուն անձամբ անոնցմէ մէկն ես, վստահաբար կ՛ուզես գիտնալ թէ ի՞նչ են անոր ազդեցութիւնները ձեր առողջութեան վրայ։
Սերտենք իւրաքանչիւր պարագայ մանրամասնօրէն.-
Շաքարախտ type 2.- Բաւականին ստուար ուսումնասիրութիւններ գոյութիւն ունին փաստելու համար սուրճին կապը եւ ազդեցութիւնը ու ձեւով մը նոյնիսկ կանխարգիլելու կարողութեան իրավիճակը շաքարախտին հետ։ Իսկ նորագոյն ուսումնասիրութիւնները նոյնիսկ կը հաստատեն, թէ առանց քաֆէինի սուրճն անգամ ունի այդ յատկութիւնները, որ քաֆէինով սուրճը կը պարունակէ։ 2005 թուականին ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն հիման վրայ հետեւեալ հաստատումը կը կատարեն սուրճի եւ շաքարախտի հետ կապակցաբար. անոնք, որոնք օրական 4-6 գաւաթ սուրճ կը սպառեն աւելի նուազ հակամետ են շաքարախտի type 2 հիւանդութեան ենթակայ դառնալու մօտ 35% համեմատութեամբ, քան անոնք որոնք օրական 2 գաւաթէն պակաս սուրճ կը սպառեն։ Ուսումնասիրութիւնը զանց կ՛առնէ սեռը, կշիռքը, եւ աշխարհագրական դիրքը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կամ Եւրոպա)։ Աւստրալիական այլ ստուար ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ թէ օրական մէկ գաւաթ յաւելեալ սուրճը (առանց քաֆէինի կամ քաֆէինով) 7% կը նուազեցնէ շաքարախտի յիշեալ տեսակին հաւանականութիւնը ենթակային մօտ։
Իսկ ինչպէ՞ս սուրճը կը նպաստէ. եկէ՛ք տեսնենք.- հիմնական շեշտը կը դրուի անդայօքսիտընդներուն (antioxidant) վրայ կրկին։ Անոնք այն սննդանիւթերն են, որոնք կ՛արգիլեն free radical-ներու միջոցաւ կատարուած հիւսկէններու փճացումը։ Գիտենք թէ սուրճը շատ ուժեղ հնարաւորութիւն ունի իբրեւ antioxidant։
Սուրճը նաեւ կը պարունակէ որոշ նիւթեր, ինչպէս մակնիզիում կամ գրոմիում, որոնք կ՛օգնեն մարմինին օգտագործելու համար արեան շաքարի քանակը հաւասարակշռող ինսուլին հորմոնը։
Յստակ իրականութիւն է, որ ոչ միայն քաֆէինն է, որ այս աշխատանքին կը նպաստէ, որովհետեւ կը նկատենք թէ նաեւ առանց քաֆէինի սուրճն ալ ունի նման բարիքներ։ Ուրրեմն տակաւին սերտելի է այս պարագան, սակայն նկատի առնելով, որ սուրճը նման բարիքներ կը պարգեւէ մեր մարմինին։ Ուրեմն ասկէ ետք, մանաւանդ եթէ սուրճ սիրող էք, ուրախութեամբ ընպեցէք ձեր սուրճը։
Զգուշ սակայն գիտենք նաեւ չափազանցուած սպառումը կրնայ վնասներ յառաջացնել։ Քաֆէինը ինքնին արեան ճնշումը կը բարձրացնէ։ Եթէ ենթական արեան գերճնշման հարց ունի առանց քաֆէինի սուրճ պէտք է սպառէ։
4 Top Picks
Heartburn: What to Do When Food Attacks
Cholesterol Concerns? Assess Yourself
Bad Eating Habits? Assess Your Diet
Probiotic Foods: See What to Eat
—————————————————————————————————————————-
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Սալմոն՝ Խմորով եւ Պրոքոլիով
4 անձի համար
Բաղադրութիւն
1 տուփ (9 օզ.) սառնարանը պահուած linguine խմոր
1 բաունտ եփուած սալմոն ձուկ
1 տուփ (10 օզ.) սառած կամ թարմ պրոքոլիի ծաղիկներ
1 ա. դգալ ձիթաիւղ
2 խոշոր պճեղ սխտոր
3/4 գաւաթ հաւու ջուր
3/4 գաւաթ իտալական ձեւով պատրաստուած հացի խորանարդեր croutons
1/4 գաւաթ տաշուած բարմեզան պանիր
Պատրաստութեան Կերպը
Իւղը տաքցուցէք խոշոր տապակի մը մէջ: Աւելցուցէք սխտորը՝ ծեծուած վիճակով: Եփեցէք շուրջ մէկ վայրկեան: Աւելցուցէք պրոքոլին եւ հաւուն ջուրը ու եփեցէք մինչեւ պրոքոլիին փափկանալը: Աւելցուցէք սալմոնը եւ լաւ մը տաքցուցէք:
Ապա խմորը, սալմոնին եւ պրոքոլիին հետ՝ լաւ մը խառնեցէք: Տեղադրեցէք պատրաստուածը խորունկ ամաններու մէջ, զայն զարդարեցէք պանիրով եւ crouton-ով:
Բարի ախորժակ: