ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քարվաճառի սառնացուրտ բարձունքներէն մինչեւ դաշտային Արցախի մատոյցները, մինչեւ Նախիջեւանի ու Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը, հայրենիքի սահմանները պաշտպանող արի տղաքն են՝ հայոց բանակի զինուորները, որոնք մեզ կը պարգեւեն միտքի հանգստութիւն, ապահովութիւն, խաղաղութիւն:
Կենաց չէ, զոր կ՛ուզեմ ըսել ու խիղճս հանգստացնել: Զինուոր, անոր տուն վերադարձին անձկութեամբ սպասող ծնողներ, կին, զաւակ, սէր… այս համաստեղութեան առջեւ դիւրին է խեղճանալ, փոքրանալ ու ելքը փնտռել կենացասացութեան մէջ: Որքան ալ անկեղծ ու սրտաբուխ ըլլան երախտագիտութիւն յայտնող մեր խօսքերն ու բառերը, անոնք չեն կրնար հանգստացնել մեր խիղճը:
Զոհողութիւնը, հայրենիքին տրուած ծառայութիւնը կը գնահատուի միայն զոհողութեամբ ու ծառայութեամբ: Եթէ հայ զինուորին զոհողութիւնը կ՛ուզենք գնահատել, ապա մեր կարգին, մե՛նք ալ հայրենիքին համար զոհաբերութիւն կատարելու պատրաստակամութիւն պէտք է ունենանք ու… զոհաբերենք:
Կը հասկնամ, որ այսպիսի մօտեցումով, ընդհանրապէս, բարոյական ահագին ճնշումի տակ կը դնենք մենքմեզ ու մեր շրջապատը, ինչ որ կրնայ ընդվզեցուցիչ ըլլալ: Բայց մեր շրջապատը այն ընթերցողներն են, որոնք կը գիտակցին հայ զինուորին՝ ամէն վայրկեան դիմագրաւած վտանգին ու սպառնալիքին, եւ չեն կրնար, չեն փորձեր ու չեն ալ ուզեր խուսափիլ բարոյական պարտքի զգացողութենէն:
Այս շրջապատով մենք ամանորեայ մեր մաղթանքը կ՛ուղղենք առ Աստուած, որ պահպանէ մեր զինուոր տղաքը ու անոնց ծառայութիւնը հասցնէ ապահով աւարտի, որ անոնք վերադառնան տուն ու շէնցնեն իրենց օճախն ու հայրենիքը:
Մենք ալ մեր պարտքի յստակացումն ու անոր վճարումը դարձնենք ամնորեայ խոստում: