Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Սովորաբար նոր տարուան հետ միասին կը մշակուին նոր ծրագիրներ ու գաղափարներ: Կարգ մը գաղտնիքներ պէտք է որդեգրել եւ որոշ քաղաքականութիւն վարել այդ ծրագիրները յաջողցնելու համար:
Յաջողած կանանց պատմութիւնը եւ կեանքը սերտելով կը հաւատանք թէ, մարդ անհատը կը ճանչցուի իր կատարած աշխատանքներով։ Նաեւ մեր նուաճած յաջողութիւնները մեր դիրքը կը ճշդեն ընկերութեան մէջ:
Ահաւասիկ իմաստուն եւ նշանաւոր կանայք կը փոխանցեն իրենց փորձառութիւնը այս ուղղութեամբ:
Նպատակ Ճշդել
Անհրաժեշտ է նպատակը յստակ ճշդել եւ ըստ այնմ զայն յաջողցնելու անհրաժեշտ քայլեր առնել: Ինչքան ալ փոքր ըլլայ այդ նպատակը, զայն իրագործելը աշխատանք կը թելադրէ:
Նոր Միջոցներ Սորվեցէք.
Յաջող անձնաւորութիւնները միշտ իրենց նպատակի յաջողութեան համար նոր մեթոտներ կ՛որդեգրեն: Օրինակ՝ եթէ նոր տարուան որոշած էք ծխելը ձգել, անհրաժեշտ է նորագոյն եւ գիտական միջոցները իմանաք եւ կարդաք ու սերտէք զանոնք գործադրելու հնարաւորութիւնները: Եոկայի հետեւիք, կեդրոնանաք եւ փոխարինող միջոցը (ծամոն, մարմնին վրայ դրուած նիքոդին պարունակող պիտակ) սկիզբէն որոշէք: Անոնք որոնք սկիզբէն ծրագրուած կը սկսին աշխատիլ անոնց յաջողութեան տոկոսը շատ աւելի բարձր կ՛ըլլայ:
Ձեր մտավախութիւնները դիմագրաւեցէք.
Լաւագոյն միջոցը մտավախութիւնները յաղթահարելու զանոնք դիմագրաւելն է: Կարելի եղած չափով ջանացէք արագ դիմագրաւել այդ դժուարութիւնները, որպէսզի աւելի յաջող ըլլայ անոնցմէ ձերբազատուելու գործը։ Այսպէս, դուք ձեզ վերջնականօրէն ազատած կ՛ըլլաք այնպիսի մտավախութենէ, որ ձեր նպատակներու իրագործման ընթացքին հիմնական խոչընդոտ մը կրնար ըլլալ.-
1. Մի յուսահատիք.
Առաջին փոքր ձախողութենէն ետք երբեք մի յուսահատիք: Յաջողակ մարդիկ նկատի կ՛առնեն թէ ձախողութիւններ կրնան պատահիլ, բայց յուսահատիլն է որ հիմնական ձախութեան կրնայ առաջնորդել:
2. Գնահատեցէք դուք ձեզ.
Յաջողութիւն մը նուաճելէն ետք անհրաժեշտ է դուք ձեզ գնահատէք ատոր համար: Ճաշարան գացէք, կամ շուկայ իջէք ու ձեր սիրածը գնեցէք առ ի գնահատանք ձեր յաջողութեան:
3. Դուք ձեզ շրջապատեցէք օգնականներով.
Միշտ կարելի է օգնութիւն խնդրել շրջապատէն եւ անշուշտ փոխադարձաբար օգտակար դառնալ անոնց: Յիշեցէք երկու ձեռք ունիք, մէկ հատով կրնաք դուք ձեզ օգնել, իսկ միւսով՝ ձեր շրջապատին: Օգնութիւնը կրնայ բարեսիրական հաստատութենէ մը ըլլալ, կամ որեւէ եկեղեցական շրջանակէ, ինչու չէ շատ յաճախ ընկերներէ ու բարեկամներէ: Իսկ շատերու համար իրենց ամուսինը կը դառնայ իրենց հիմնական օժանդակը: Ամէն պարագայի անհրաժեշտ է օժանդակ հարազատ մը ունենալը:
Շոգիով Դէմքի Լոգանք
Անուշաբոյր հիւթով պատրաստուած դէմքի շոգիով լոգանքը կը նպաստէ դէմքի ծակտիկներու բացման եւ հետեւաբար ազատ շնչառութեան, միաժամանակ կը նպաստէ «սայնըս» ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ կը հանդարտեցնէ լարուած ջիղերը: Այս մէկը կրնաք վայելել ձեր լոգանքի պահուն, խոտերու եւ ծաղիկներու հիւթերու օգնութեամբ: Պարզապէս վստահ պէտք է ըլլաք, որ ձեր գործած նիւթերը բնական են եւ մաքուր:
Պայման է նախքան դէմքի շոգիով լոգանքը, ձեր երեսը շատ լաւ ձեւով մաքրէք: Զգոյշ եղէ՛ք, չափազանց տաքութիւնը կրնայ գրգռել ձեր զգայուն մորթը: Շոգիին մօտեցէք այն աստիճան որ հանգիստ զգաք, երբեք անհանգիստ ըլլալու գնով մի մօտենաք այդ շոգիին: Կամաց-կամաց մօտեցէք շոգիին մինչեւ անոր խոնաւութիւնը զգաք: Կրնաք նաեւ անձեռոց մը բռնել ձեր գլխուն վրայ, որպէսզի կարենաք շոգին բանտարկել անոր տակ: Այս վիճակին մէջ մնացէք այնքան, որքան հանգիստ կը զգաք: Իսկ հիմա կ՛առաջարկենք քանի մը նիւթեր, որոնցմով կարելի է այս շոգիի լոգանքը յաջողցնել:
Անանուխով Շոգիի Լոգանք.
3 գաւաթ եռացած ջուր
1 ափ թարմ անանուխ եւ լավանտըրի բողբոջներ, կամ իւրաքանչիւրէն չորցուած վիճակի մէջ մէկական ա. դգալ
1 խոշոր անձեռոց:
Սեղանի մը վրայ տեղադրեցէք մեծ եւ խորունկ աման մը: Եթէ բաղնիքին մէջ պիտի կատարէք այս լոգանքը, զայն տեղադրեցէք յարմար շիտակ մակերեսի մը վրայ: Աւելցուցէք անանուխը եւ լավանտրը խորունկ ամանին մէջ:
Եռացած ջուրը պարպեցէք ամանին մէջ եւ սպասեցէք 2 վայրկեան նուազագոյնը:
Կամաց-կամաց մօտեցուցէք ձեր դէմքը խոնաւցնող ամանին մինչեւ հոն, ուր հանգիստ կրնաք դիմանալ շոգիին:
Ծածկեցէք ձեր գլուխը անձեռոցով, որպէսզի շոգին բանտարկուի եւ առաւելագոյն օգուտը պարգեւէ ձեր մորթին: Խորունկ ներշնչեցէք 5-10 վայրկեան:
Ռեհանով Շոգիի Լոգանք.
Ռեհանը կը հանդարտեցնէ ձեր ջիղերը եւ մտքի կեդրոնացումը կը զօրացնէ: Հետեւեալ ցուցմունքներուն հետեւեցէք եւ ապա պատրաստեցէք սոյն լոգանքին համար հետեւեալ անհրաժեշտ մասնիկները.
3 գաւաթ եռացած ջուր
1 ափ թարմ ռեհանի տերեւներ եւ chamomile ծաղիկ կամ մէկական ապուրի դգալ իւրաքանչիւրէն՝ չորցուած վիճակով,
1 մեծ անձեռոց:
Անշուշտ նոյն ձեւը կ՛որդեգրէք եւ ապա կը վայելէք անոր հաճոյքն ու բարեբեր արդիւնքը:
————————————————————————————————————————-
Այս Տարի կը սկսինք իմաստասէր Սենեկայի իմաստուն խօսքերով.
Ուղղամիտ մարդը արժանի է ամէն պատիւի, հոգ չէ թէ ան հասարակ ծառայ մը ըլլայ։
Ան որ կ՛ուզէ իր առաքինութիւնները հրապարակել, ոչ թէ առաքինութեան այլ փառքի համար կ՛աշխատի։
Եթէ բարկութիւնը չզսպուի, յաճախ շատ աւելի վնասակար կը դառնայ, քան այն բանը, որ բարկութիւնը գրգռած էր։
Դժուարութիւնները կը զօրացնեն միտքը, ինչպէս որ ֆիզիքական աշխատանքը կը կոփէ մարմինը։