ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը արդարացիօրէն զայրացած է Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ Ներկայացուցիչներու տան Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը քուէարկութեան դնելու մերժումէն:
Քոնկրեսական Փելոսի «թէ՛ մեծամասնութիւն, թէ՛ հեղինակութիւն եւ թէ հնարաւորութիւն» ունէր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը քուէարկութեան դնելու, սակայն չկատարեց այդ մէկը, անցեալ շաբաթ յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Ան ինչո՞ւ բանաձեւը քուէարկութեան չդրաւ: Կարեւոր է նշել, որ հակառակ իրենց սովորութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը հրապարակային յայտարարութիւններով հանդէս չեկան ընդդէմ բանաձեւին: Անոնք այդ մէկը ընելու կարիքը չունէին, որովհետեւ, ըստ ուաշինկթընեան լաւատեղեակ աղբիւրներու, անոնք քուլիսներու ետին գաղտնի համաձայնութեան հասած էին խօսնակ Փելոսիի հետ, Ցեղասպանութեան բանաձեւը օրակարգի վրայ չընդգրկելու շուրջ, նախքան Քոնկրեսի այս տարուան աշխատանքներու աւարտը: Այս պարագային, Թուրքիոյ դեսպանի եւ Ամերիկայի թրքական կազմակերպութիւններու ինքնագոհ պնդումները, որ, իբր թէ՝ իրենց առած քայլերը խափանած են քուէարկութիւնը, ամբողջովին չափազանցութիւն են, չըսելու համար՝ բացարձակ կեղծ եւ ապարդիւն են:
Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը հայկական քաղաքական պահանջատիրութեան ոչ սկիզբն է, ոչ ալ վերջը, որովհետեւ անիկա օրէնքի ուժ չունեցող յիշատակման բանաձեւ է: Ցեղասպանութեան նման բանաձեւեր արդէն երկու անգամ՝ 1975 եւ 1984 թուականներուն, ընդունուած են Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, սակայն անոնք միայն միջոց են եւ ոչ թէ՝ նպատակ:
Որ՞ն է Հայ Դատի իրական նպատակը. արդարութիւն պահանջել հայերուն համար, թուրքերու այն ժառանգորդներէն, որոնք ոչ միայն կոտորած են զանոնք, այլեւ՝ բռնագրաւած անոնց հայրենիքն ու անոնց ունեցուածքը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու անցեալ շաբաթ յայտարարեց, թէ բանաձեւը «Դամոկլեան սուրի նման կախուած է մեր գլխուն»: Ան յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններ այլեւս Քոնկրեսին մէջ չներկայացուին, քանի որ անոնք կը վատնեն Թուրքիոյ ներուժն ու ժամանակը: Վտանգը, զոր թուրք ղեկավարները, մէկ դար անց, կը զգան իրենց նախնիներու նողկալի ոճրագործութիւններուն պատճառով, ինչպէս նաեւ անոնց արժէքաւոր միջոցներու վատնումը, հայութեան համար բաւարար հիմք կը հանդիսանան՝ աշխարհի բոլոր օրէնսդիր մարմիններուն մօտ նման նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու համար: Աւելին, ամէն անգամ Միացեալ Նահանգներու նախագահէն խնդրելով կանխել նման բանաձեւի մը ընդունումը՝ թուրք ղեկավարները, իրենց կարգին, կր պարտաւորուին քաղաքական լուրջ զիջումներ կատարելու ամերիկեան կողմին:
Այժմ, ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւնները՝ Հայ Դատի յանձնախումբին գլխաւորութեամբ, պէտք է անաչառ ռազմավարական գնահատական մը տան՝ քննարկելով իրենց հետագայ քայլերը.
ա. Դատական հայցեր բարձրացնել Թուրքիոյ եւ թրքական ընկերութիւններու դէմ, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին եւ Միջազգային դատարանին մէջ:
բ.- Բազմապատկել թուրք ղեկավարներու «գլուխէն կախուած սուրերուն» թիւը՝ բազմաթիւ բանաձեւեր ներկայացնելով Քոնկրես, երթալով աւելի հեռուն, քան սոսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ի շարս այլ հարցերու, կարելի է ընդգրկել նաեւ հայերու բռնագրաւուած ունեցուածքի փոխհատուցման եւ Հայոց եկեղեցիները Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի իրաւասութեան վերադարձնելու հարցերը:
գ.- Շահարկել թուրք ղեկավարներու հակա-արեւմտեան քաղաքականութիւնն ու յայտարարութիւնները, Ներկայացուցիչներու տան նորընտիր հանրապետական մեծամասնութեան շրջանակէն ներս Հայկական հարցերու աջակցութիւն ձեռք բերելու նպատակով:
Ահաւասիկ նախնական կարգ մը նկատառումներ՝ յատուկ գործողութիւններու մասին, զորս կրնան քննարկուիլ ամերիկահայ գործիչներու կողմէ, առաջիկայ շաբաթներուն.
ա.- Քայլեր ձեռնարկել փոքրամասնութեան առաջնորդ Նենսի Փելոսիի եւ Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ ղեկավարներու դէմ, իբրեւ քաղաքական հատուցում՝ անոնց խափանարար գործունէութեան համար: Ներկայիս անոնք պէտք է շարք մը յստակ գործերով, այլ ոչ թէ խոստումներով, սիրաշահին հիասթափուած հայ աջակիցները՝ ուղղելու համար իրենց իսկ հասցէին հասցուած վնասը:
բ.- Սկսիլ 2012 թուականի ընտրութիւններու նախապատրաստութեան, վստահ ըլլալու համար, որ ոչ մէկ ամերիկահայ պիտի քուէարկէ կամ նոյնիսկ մէկ տոլարով պիտի օժանդակէ նախագահ Օպամային կամ Քոնկրեսի դեմոկրատ կամ հանրապետական ոեւէ անդամի, որ դէմ արտայայտուած է Հայկական հարցերուն:
գ.- Արժեւորել անտարբերութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի ղեկավարներուն, որոնք ոչինչ ըրին, մէկ բառ նոյնիսկ չարտասանեցին՝ ի պաշտպանութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, մինչդեռ Թուրքիոյ նախագահը, վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի ճնշում կը գործադրէին նախագահ Օպամային եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի վրայ՝ քուէարկութիւնը խափանելու համար:
դ.- Օգտագործել խանդավառ ամերիկահայ համայնքին, յատկապէս՝ երիտասարդութեան եւ այնպիսի հանրայայտ դէմքերու, ինչպէս օրինակ Քիմ Քարտաշեանի եւ Սերժ Թանգեանի, աշխուժութիւնը՝ ներգրաւելով զանոնք արդիական միջոցներով Հայ Դատի հետապնդման գործին մէջ:
ե.- Աջակցիլ այն ծերակուտականներուն, որոնք շահագրգռուած են նոր «կասեցում» մը դնելու՝ ընդդէմ Ֆրենսիս Ռիքիարտոնէի կամ անոր փոխարինողին՝ իբրեւ թեկնածուներ Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին: Աւելի քան վեց ամիս, Միացեալ Նահանգները դեսպան չունի Անգարայի մէջ: Նոյն ժամանակ, Ցեղասպանութեան ժխտման թրքական քարոզարշաւին աջակցելու ամերիկա-ատրպէյճանցիներու ջանքերուն պէտք է հակազդել՝ նոր «կասեցում» մը դնելով Մեթիու Պրայզայի կամ անոր փոխարինողին դէմ, իբրեւ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածուներ: Աւելի քան 18 ամիսէ ի վեր, Միացեալ Նահանգները դեսպան չունի Պաքուի մէջ:
Անցեալ շաբաթուան ժամանակաւոր անյաջողութենէն ընկճուելու փոխարէն, հայերը պէտք է քաղաքական աւելի մեծ վճռականութեամբ լեցուին եւ բազմապատկեն իրենց պահանջները Թուրքիայէն, օրինական բոլոր միջոցներով իրենց արդար Դատին հասնելու նպատակով:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր