ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նախքան Ամանորը, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկները ընդունեցին իրենց բարերարներուն այցելութիւնը, որ դարձեալ Նոր Տարուան խրախճանական մթնոլորտի մէջ հաւաքոյթ մըն էր, Կաղանդ պապային, Ձիւնէ մարդուն, շարժուն տօնածառին ու այլ կերպարներու ճոխ ներկայութեամբ:
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17ին, «Թռչնոց Բոյն»ի սեղանատան մէջ, Նոր տարուան յատուկ շքեղ յարդարանքով, մանուկները դիմաւորեցին Ամանորը: Բարերարներու ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ՝ տեսնելով մեծ թէ փոքր աշակերտներուն ցնծութիւնը, յատկապէս մանկական յայտագիրով հանդէս եկող խումբին կազմակերպած խաղերով:
Բարերարներուն կողքին ներկայ եղան նաեւ խնամակալութեան անդամներ, որոնք կամաւորաբար կը հսկեն հաստատութեան աշխատանքներու հեզասահ ընթացքին: Ներկայ էին նաեւ Գայիանեան քոյրերու միաբանութեան անդամուհիները, Տիկնանց միութեան անդամուհիները, ուսուցիչներ եւ խնամատար պաշտօնէութիւնը:
Տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ ու այս առիթով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բարերարներուն:
Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Ամանորի բարեմաղթութիւններ յայտնելով: Ան վեր առաւ բարերարներուն անձնուէր ոգիէն բխող սէրը հանդէպ այս հաստատութեան, որ տուն ու օթեւան կը դառնայ կարիքաւոր հայ մանուկներուն: