ՈՒՔՐԱՆԻԱ, «Նիուզ».- Ըստ Analitika.at.ua-ի, Յունուար 4ին Ուքրանիոյ Թնեփրոփեթրովսքի մարզի Նիքոփոլ քաղաքին մէջ, երեկոյեան շուրջ ժամը 6ին, Կակարին-Գաշթօնովա փողոցներու խաչմերուկին վրայ անյայտ անձինք աւերած են հայկական խաչքար-յուշարձանը: Պատահարին առիթով հետաքննութիւն սկսած է։
Տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Տիգրան Սար-գսեան յայտնած է, որ իրաւապահ մարմինները խոստացած են շուտով գտնել չարագործները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.