ԳԱՀԻՐԷ.- «Յուսաբեր»ի 2011ի պատի օրացոյցն ու հեռաձայնի տետրակը լոյս տեսած են եւ վաճառքի դրուած՝ Դեկտեմբեր 25էն սկսեալ:
«Նոյեմբերէն սկսանք պատրաստելու օրացոյցն ու տետրակը, իսկ Դեկտեմբերի առաջին շաբաթէն արդէն տպարան յանձնած էինք երկուքը», կ՛ըսէ յանձնախումբի անդամ Կարէն Էանըգեան:
Պատի օրացոյցի ամէն մէկ էջ Հայաստանի տեսարժան վայրի մը կամ եկեղեցւոյ մը նկարը կը ներկայացնէ, իսկ նկարներուն տրամաբանութիւնը յարմարեցուած է այդ ամսուան մէջ պատահած գլխաւոր դէպքի մը հետ:
Այս տարուան պատի օրացոյցը կը հովանաւորեն եգիպտահայ գաղութէն 12 գործատէրեր:
Հեռաձայնի տետրակի կողքին վրայ զետեղուած նկարը կը ներկայացնէ 2008ին, Երեւանի մէջ Հանրապետութեան հրապարակ վայրէջք կատարած օդապարիկները:
Հեռաձայնի տետրակը կ՛ընդգրկէ գահիրէաբնակ ու աղեքսանդրիաբնակ հայերու քաղաքային եւ բջիջային հեռաձայններու թիւերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.