
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Տեսել եմ՝ ո՛նց են հայերին գցում պալքոնից, ճանապարհով անցնող աղջիկներին գցում էին մեքենաների տակ, մենք պալքոնից էինք նայում», ասիկա ամէնէն սարսափելի տեսարանն է, որ տպաւորած է ատրպեճանահայ Սոնիա Գասպարովը:
Երէկ, Պաքուի հայերու ջարդերուն 21րդ տարելիցին օրը, Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Սոնիա Գասպարով պատմեց այն սարսափելի իրադարձութիւններուն մասին, որոնք տեղի ունեցան Պաքուի մէջ, եւ որոնց ինք, անձամբ, ականատես եղած է:
«Երեխեքս Աշխապատ գնացին, ես մնացի մենակ, ինչ կարողացայ վերցրեցի ու եկայ… էնտեղ կտրում էին, թափում էին, էլ թանկերով… Վախից չգիտէինք ի՛նչ անենք, հայերին կոտորում էին, շատ վատ օր ենք քաշել», պատմեց Գասպարով:
«Մեր տունը Հայաստանն է» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, Պաքուի փախստականներու խնդիրներով զբաղող Նիքոլայ Պապաճանեանը յուզումով պատմեց այդ ջարդի օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցող հաւաքներուն, անոնց ընթացքին հնչող հակահայկական յայտարարութիւններուն, այրուող եւ տանջուող մարդոց տեսարաններուն մասին:
Ն. Պապաճանեան այդ ժամանակ եղած է 16-17 տարեկան պատանի. ան չկրցաւ հաստատել, թէ այդ պնդումները, ըստ որոնց՝ հայերուն ջարդերը կազմակերպուած են նախապէս, ճի՞շդ են, թէ սխալ:
«Յոյսի կամար» կազմակերպութեան նախագահ Արսէն Աւանէսով ներկայացուց տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Պաքուի ջարդերուն մէկ շաբթուան ընթացքին՝ 1990ի Յունուար 13-19 երկարող ժամանակահատուածին, միայն Պաքուի մէջ սպաննուած է 270 հայ: Աւանէսովի խօսքով, Ատրպէյճանի մէջ հայերը ձգած են 123,000 բնակարան:
Անդրադառնալով այժմ Հայաստանի մէջ ապրող ատրպեճանահայերու խնդիրներուն՝ Աւանէսով նշեց, թէ փախստականները այսօր կը դիմագրաւեն ազատ տեղաշարժի սահմանափակումներու խնդիրը: Անոնցմէ շատերը կ՛ուզեն իրենց ազգանունին վերջաւորութեան «եան» դնել, սակայն ծննդեան վկայականներ չունենալու պատճառով, պէտք է դատական գործընթացներէ անցնին, ինչ որ կապուած է մեծ գումարներու հետ: «Կան փախստականների խնդիրներ, որոնք լուծելու համար պետութիւնից մեծ ջանքեր պէտք չեն, սակայն դրանք չեն լուծւում», յայտարարեց Աւանէսով:
«Ն. Պապաճանեան այդ ժամանակ եղած է 16-17 տարեկան պատանի. ան չկրցաւ հաստատել, թէ այդ պնդումները, ըստ որոնց՝ հայերուն ջարդերը կազմակերպուած են նախապէս, ճի՞շդ են, թէ սխալ:»
Այս անճարակ, միամիտ, պատանին արդեօք ներկայիս նոյն դերահաւատութեամբ՞ կ՛առաջնորդէ «Յոյսի կամար»ը. կամ յույս ունի օր մը վերադարնալ պաքու…