
Միջին Արեւելքի ուսմանց խմբակը նամակ մը յղած է Ամերիկայի թրքական համախմբումին, որպէսզի ետ քաշէ Մինեսոթայի համալսարանին դէմ իր բացած դատը, որ կ՛առնչուի Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման պայքարին:
Արդարեւ, թրքական կողմը կը պահանջէ համալսարանէն, որ իր ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքին համացանցային կայքէն վերցնէ Ամերիկայի թրքական համախմբումի կայքին մասին այն պնդումները, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին թրքական կայքին վրայ տեղադրուած տեղեկութիւնները «վստահելի չեն», որովհետեւ ցեղասպանագէտներուն մեծամասնութիւնը կը հաստատէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է:
Տեղական ատեան մը Յունուար 10ին մերժած էր սոյն դատը կասեցնելու դիմում մը:
Իր նամակին մէջ, Միջին Արեւելքի ուսմանց խմբակը կը շեշտէ, թէ նման միջոցառումներու դիմելու փոխարէն, թրքական կազմակերպութիւնը կրնայ իր դիրքորոշումը պաշտպանել գիտաժողովներու կամ ակադեմական այլ քննարկումներու միջոցաւ, աւելցնելով, որ հարցը դատարան ներկայացնելով՝ կազմակերպութիւնը կ՛ոտնակոխէ ակադեմական տարրական ազատութիւնները:
Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ esa.wns.ccit.arizona.edu/pdf/USMinnesota20110118.pdf կայքէջին վրայ: