ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի, Յունուար 19ին, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը մերժած է քննել Մեսեչուսեցի մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պետական վարժարաններու մէջ դասաւանդելու հարցով՝ Թուրքիոյ ի նպաստ աշխատող լոպիական խմբակին դիմումը, որուն նպատակն էր թրքական կողմին կարծիքները եւս ներառել դասաւանդութեանց մէջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ողջունեց այս որոշումը, որուն շնորհիւ ուրացման ջանքերը դուրս պիտի պահուին Մեսեչուսեցի պետական վարժարաններէն:
Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու գործընթացին դէմ թրքական կողմին պայքարրը սկսած էր 2005ին, երբ Թուրք-ամերիկացիներու միութեանց համախմբումը վարձած էր տեղացի երկու ուսուցիչներ, աշակերտ մը եւ անոր ծնողքը՝ դատ բանալու համար դասաւանդութեանց դէմ, սակայն շնորհիւ Հայ Դատին, Հայ իրաւաբաններու միութեան, Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրին ու «Զօրեան» հիմնարկին, ինչպէս նաեւ հրէական, իրլանտական եւ սեւամորթներու Իրաւանց պաշտան միութեան համատեղ ջանքերով, կարելի եղած է կասեցնել թրքական արշաւը: