ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Երեքշաբթի, Յունուար 25ին աւարտեց վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնցմէ ի յայտ դարձաւ, թէ ընդդիմութեան թեկնածու Նեժիպ Միքաթի ապահոված է 68 երեսփոխաններու աջակցութիւնը, իսկ Սաատ Հարիրի՝ 60 քուէ:
Նախագահ Սլէյման խորհրդակցութիւններէն ետք նախագահական պալատ հրաւիրեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Նեժիպ Միքաթին, որմէ ետք յայտարարեց, թէ վարչապետ նշանակած է Միքաթին:
Նշանակումէն ետք արտասանած իր խօսքին մէջ, Միքաթի յայտարարեց, թէ Հինգշաբթի օր պիտի սկսի երկրին յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու խորհրդակցութիւններուն՝ խոստանալով կառավարութեան մէջ ներառել երկրին գլխաւոր քաղաքական կողմերը: Ան նաեւ շեշտեց, թէ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը «նուէր մը պիտի ըլլայ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հոգւոյն»:
«Ազդակ» կը տեղեկացնէ, թէ նախագահին հետ խորհրդակցութեանց ընթացքին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան զօրակցութիւն յայտնած են Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութեան՝ մաղթելով, որ կը կազմուի ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ կը ներկայացուին լիբանանեան հանրութեան բոլոր շերտերը: Իր կարգին, իշխանամէտ Հայկական համախոհութիւն երեսփոխանական պլոքը նախագահին հետ խորհրդակցութիւններէն ետք առաջադրած է Սաատ Հարիրիի անունը:
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, իշխանամետ ուժերու համակիրները Երեքշաբթի օր եւս շարունակեցին իրենց ցոյցերը եւ խռովութիւններու դիմեցին յատկապէս Թրիփոլիի մէջ:
Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ ցուցարարներու խուժանը հրկիզեց քաթարեան «Ճազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին պատկանող եւ ուղղակի սփռումի համար գործածուող ինքնաշարժը: Ցուցարարները կայանէն զայրացած են, որովհետեւ գոյութիւն ունի այն տպաւորութիւնը, թէ Քաթար նեցուկ կը կանգնի Միքաթիին:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց իր համակիրներուն հեռանալու փողոցէն եւ ժողովրդավարական ձեւերով արտայայտելու իրենց բողոքը:
Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ բանակը իր ներկայութիւնը խստացուցած է շարք մը շրջաններու մէջ: