ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեքշաբթի, Յունուար 25ին, Սթրազպուրկի մէջ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն։ Հանդիպումէն ետք Կիւլ պատասխանեց հայ, ֆրանսացի եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու հարցումներուն։
«Ես Թուրքիոյ առաջին նախագահն եմ, որ այցելած է Հայաստան։ Իմ փափաքս է տեսնել Կովկասի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան վրայ յենուող հարթակի մը ստեղծումը՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ անշուշտ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ», ըսաւ Կիւլ եւ աւելցուց, որ «այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա ե՞րբ պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ Կիւլ ըսաւ. «Չենք կարծեր, որ «ցեղասպանութիւն»ը ճիշդ բառն է եւ չենք ընդունիր զայն: Մենք մեր պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն չենք կատարած», անգամ մը եւս կրկնելով, թէ այս հարցով պատմաբաններու եւ գիտնականներու յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի: Ըստ նախագահին, կրնայ ըլլալ, որ ողբերգական կարգ մը դէպքեր տեղի ունեցած են, սակայն «արտօնելի չէ» զանոնք «ցեղասպանութիւն» կոչելը:
Արցախի հարցին կապակցութեամբ, Կիւլ կրկնեց այն պդումը, թէ հայկական ուժերը պէտք է քաշուին «բռնագրաւեալ» տարածքներէն, որովհետեւ, Կիւլի խօսքով, հայկական կողմը գիտէ, թէ «այդ հողերը Ատրպէյճանի կը պատկանին»: