ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Շաբաթ, 22 Յունուար 2011ին, առաւօտեան ժամը 10։00ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքին յուղարկաւորութեան արարողութեան, մասնակցութեամբ արհիապատիւ Վարդան եպս. Աշքարեանի, Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, Պօղոս արք. Գուսանի, Նշան արք. Գարաքեհէեանի, Օգոստինոս եպս. Գուսանի, Յովսէփ եպս. Առնաութեանի, Արծիւեան միաբանութեան մեծաւոր Միքայէլ թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի, Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր Եղիա թ. Ծ. վրդ. Քիլաղպեանի եւ միաբան հայրերու։ Արարողութեան մասնակցեցան Լիբանանի նախագահի, խորհրդարանի նախագահի եւ վարչապետի ներկայացուցիչները, մարոնիներու պատրիարք կարտինալ Սֆէյրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Լիբանանի մէջ առաքելական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիան, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնին, ինչպէս նաեւ պետական, քաղաքական, զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, քոյր եկեղեցիներու եւ զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Յուղարկաւորութեան ընթացքին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ երջանկայիշատակ Գասպարեան հոգեւոր տիրոջ ընդհանուր կենսագրականին, անոր քահանայական ու հայրապետական բեղուն գործունէութեան եւ առաքելութեան:
Այնուհետեւ, առաքելական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց սրբազան քահանայապետին յղած ցաւակցագիրը ֆրանսերէնով։ Ապա Արծիւեան միաբանութեան մեծաւոր Միքայէլ թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան ընթերցեց ցաւակցական հեռագիրներ՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան պատրիարքին մահուան առիթով։
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, յուղարկաւորներու ինքնաշարժներու հսկայ թափօրը մեկնեցաւ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցիէն, հետեւելով մեռելակարգին, եւ կէսօրուան ժամը 1։30-ին հասաւ Զմմառու մայրավանք. միաբան հայրերը Գասպարեան հոգեւոր տիրոջ դագաղը ուսամբարձ, թափօրով առաջնորդեցին վանական եկեղեցին եւ զետեղեցին դասին մէջ՝ կաթողիկոսական – պատրիարքական դամբարանին դիմաց, ուր տեղի ունեցաւ հայրապետական գերեզմանի արարողութիւնը, որմէ ետք միաբան հայրերը պատրիարքին դագաղը զետեղեցին կաթողիկոսական դամբարանին մէջ։
Նշենք, որ անցեալ Կիրակի, 23 Փետրուարին, Կաթողիկէ համայնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Յովհաննէս Պետրոս պատրիարքին համար: ՀՅԴ Արեւ-մտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Յովհան Թաշճեանէ եւ Պետրոս Թաշճեանէ, ներկայ գտնուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութեան, որու աւարտին, առանձին հանդիպում ունեցաւ կաթողիկէ համայնքի հովիւ հայր Գրիգոր Շահինեանին հետ, որուն փոխանցեց շրջանիս կուսակցական մարմիններու ցաւակցութիւնը պատրիարքի մահուան կապակցութեամբ: