
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- ՀՀ ուժանիւթի նախարարութիւնը կը հերքէ թրքական լրատուամիջոցներու տարածած այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն, Մեծամօրի հիւլէակայանէն ճառագայթի արտահոսք կայ։ Նշենք, որ լուրը հերքեց նաեւ Թուրքիոյ հիւլէակայանի ուժանիւթի գործակալութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Յունուար 24ին, թրքական «NTV» հեռատեսիլի ընկերութիւնը յայտնած էր, որ Պոլսոյ մէջ գտնուող հիւլէական հետազօտութիւններու թրքական կեդրոնի եւ Էրզրումի համալսարանի փորձագէտները Կիրակի օր Հայաստանի սահմանակից Անատոլի վեց նահանգներուն մէջ սկսած են ճառագայթի մակարդակը չափելու, քանի որ տեղեկութիւն ունին Մեծամօրի հիւլէակայանէն ճառագայթի հնարաւոր արտահոսքին մասին:
Հետազօտութեան նպատակը եղած է նաեւ պարզել բնակչութեան վրայ ճառագայթի ազդեցութիւնը, եւ թէ ինչո՛ւ այդ տարածքը ապրող մարդոց մօտ վերջերս աւելցած է թոքերու քաղցկեղէ տառապողներուն թիւը: Այս նպատակով, Անատոլի մէջ տեղադրուած են ճառագայթի մակարդակը որոշող 100 չափիչ սարքեր, իսկ հետազօտութիւնը պիտի տեւէ 60 օր:
«Թուրքիոյ վեց նահանգներու մէջ՝ Իգդիրի, Մուշի, Աղրիի, Թունջելի, Հաքքարիի եւ Շիրնաքի մէջ, մենք հետազօտութիւններ կ՛իրականացնենք ռատոն կազի առնչութեամբ, ինչ որ որեւէ կապ չունի Հայաստանի մէջ գտնուող Մեծամօրի հիւլէակայանին հետ», յայտարարած է Աթաթուրքի անուան համալսարանի բնագիտութեան համալսարանի գիտաշխատող Պեքիր Տողան: Ան նաեւ ըսած է, թէ այդ տարածքի հողէն եւ ջուրէն նմոյշներ պիտի վերցուին:
Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լուսինէ Յարութիւնեան յայտնեց, որ հիւլէակայանը կը գործէ բնականօրէն եւ չունի գիտարուեստական որեւէ խնդիր. «Առաջին անգամ չէ, որ թուրքերը նման աղմուկ են բարձրացնում աթոմակայանի ռատիացիոն վտանգի վերաբերեալ: Իրենք պարբերաբար նման տեղեկութիւններ են տարածում», պարզաբանեց Յարութիւնեան: