ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ինչպէ՞ս հատուցենք այն ամէն ինչի փոխարէն, զոր հայկական բանակը կը պարգեւէ մեզի, բոլորիս, համայն հայ ժողովուրդին, հայրենիքի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի. կը պարգեւէ առատօրէն, կը պարգեւէ անսակարկ:
Ինչպէ՞ս հատուցենք պատմութեան մէջ հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով մեր հայրենիքի սահմանները ապահովուած տեսնելու բերկրանքին համար:
Ինչպէ՞ս հատուցենք մեր ժողովուրդին խաղաղ երկինք, արժանապատիւ կեանք պարգեւողին ամէնօրեայ զոհաբերութեան համար:
Ինչպէ՞ս հատուցենք քաջութեան եւ խիզախութեան մարմնաւորում հանդիսացողին՝ մեր հոգիները ճաճանչող հպարտութեամբ լեցնողին:
Ինչպէ՞ս հատուցենք մեր ապագային հանդէպ մեզ ինքնավստահութիւն ու լաւատեսութիւն ներշնչողին:
Ինչպէ՞ս արտայայտենք մեր երախտագիտութիւնը, մեր սէրն ու յարգանքը՝ հայկական բանակի իւրաքանչիւր զինուորին, ենթասպային, սպային:
Ինչպէ՞ս արտայայտենք մեր անսահման սէրը մեր բանակի զինուորներու հերոս ծնողներուն հանդէպ, որոնք իրենց հոգեհատորներու տուն վերադարձը կ՛երազեն միայն, եւ որոնք սրտով ու հոգիով պատուարներ կը բարձրացնեն իրենց որդիները պահպանող խրամատներուն առջեւ:
Յունուար 28ը բանակի օրն է՝ հայոց բանակի կազմաւորման 19րդ տարեդարձը, ահարկու պատերազմի հնոցով թրծուած, ծնած օրէն իսկ հրաշալի թռիչքներ իրագործած, հայկական զինեալ անկանոն միաւորումներու միաձուլումէն կազմաւորուած հայոց բանակին տօնը:
Շնորհաւորենք մեր պետութիւնը՝ մեր համազգային կարեւորագոյն ձեռքբերումին՝ հայկական հզօր բանակի կայացման համար: Շնորհաւորենք մենք մեզ ու իւրաքանչիւրս մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր բաժինը բերել բանակի առաւել հզօրացման գործին, ինչպէ՛ս կրնանք հայ զինուորը մեր աչքի լոյսին պէս պահել, ինչպէ՛ս կրնանք անոր տրամադրել իր սրբազան պարտականութիւնը կատարելու անհրաժեշտ ամէն միջոց, ամէն հնարաւորութիւն:
Շնորհաւոր ըլլայ Հայոց բանակի տօնը: