ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
2010ի Դեկտեմբերի երկրորդ կէսէն ի վեր, Թունուզի մէջ տեղի կ՛ունենան այնպիսի զարգացումներ, որոնց մասին առ նուազն կարելի է ըսել, թէ բացած են ներկայ դարաշրջանի «տրամաբանութեան» հակառակ գիծ մը, աւելին, սկսած են որոշ արձագանգներ գտնել մօտակայ արաբական երկիրներու մէջ եւ նախատեսել կու տան արձագանգի օղակներու ընդարձակում։
Անմիջականօրէն՝ տնտեսական-ընկերային տագնապի ծանրացման իբրեւ հետեւանք, եւ անգործութեան մատնուած ուսանողի մը անձնասպանութենէն ծայր առնելով, դէպքերը արագօրէն գացին դէպի քաղաքական պայթում։ Քանի մը շաբթուան մէջ, բողոքի ցոյցերն ու ընդվզումի արտայայտութիւնները թիրախ դարձուցին իշխանութիւնները. յանկարծ աշխարհը իմացաւ որ Թունուզ ունի (եղեր) բռնատիրական վարչակարգ, իշխանաւորները՝ նախագահ Զէյն Ապիտին Պըն Ալիի ընտանիքը եւ ընկերակիցները չարաշահներ են, կաշառակերութիւնը ու փտածութիւնը ստեղծած են անտանելի վիճակ։
Բողոքի ցոյցերը յանգեցան արիւնահեղութեան, ինկան զոհեր, վիրաւորներ, ի վերջոյ, նախագահը, տիկինն ու կարգ մը գործակիցներ փախուստ տուին երկրէն, ապաստանեցան Սէուտական Արաբիա (ուր ատենօք ապաստանած էր… Ուկանտայի Իտի Ամին Տատան եւ հոն ապրած էր կեանքին վերջալոյսը)։ Իշխանաւորի մը տապալումը աննախընթաց չէ վերջին տասնամեակներուն, սակայն գիտենք, որ Իրաքի Սատտամ Հիւսէյնին կամ Հայիթիի Արիսթիտին իշխանութենէ հեռացումը ինչպիսի պայմաններու մէջ, եւ ինչպիսի դերակատարներու ձեռակերտն էր, իսկ Վենեզուելլայի Չաւէսը ինչո՛ւ այդքան յախուռն կերպով կ՛ամբաստանէր Ճորճ Պուշն ու նմանները…
ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱ՞Ն,
ԹԷ՞ ԳԼԽԱՐԿՆԵՐՈՒ
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Պըն Ալիի փախուստէն անմիջապէս ետք, իշխանութիւնը անցաւ վարչապետ Ղանուչիի ձեռքը. քանի մը գործակիցներով, ան հրապարակ եկաւ բարեկարգումի հաւաստիքներով, ազատութիւն խոստացաւ ընդդիմադիր բանտարկեալներու, աքսորականներու, փորձեց կազմել ազգային միասնութեան կառավարութիւն, ներգրաւելով ընդդիմադիրներ, սակայն բողոքի ալիքը կանգ չառաւ, որովհետեւ ընդդիմադիրները՝ աշխատաւորական ու սենտիքայական շրջանակներ, իրենց հաւատքը կորսնցուցած են բոլոր անոնց հանդէպ, որոնց անունը այս կամ այն ձեւով կապուած է Պըն Ալիի վարչամեքենային հետ. նախագահին կուսակցութեան իրողական ինքնալուծարքն ու նախարարներու կամ այլ ականաւոր անձերու անկէ հրաժարումն ալ համոզիչ չթուեցան։ Ժողովուրդը կը մերժէ նոր գլխարկով նախկին իշխանաւորները տեսնել պետական դիրքերու վրայ, այլ կը շարունակէ պահանջել նախկին իշխանութեան բոլոր անդամներուն հեռացումը։
Հազիւ թէ նկատելի է, որ բանակի հրամանատարութիւնը ցարդ կը մնայ գլխաւոր լուռ հանդիսատեսը…
ՆԵՐՔԻՆ ՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ
ԲԵՄԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ
Նախագահին փախուստէն ետք, տեղի ունեցան ուշագրաւ զարգացումներ։ Ի յայտ եկաւ, որ նախագահն ու ընկերակիցները հսկայական գումարներ-հարստութիւն տարած են իրենց հետ, անկախ՝ նախընթաց տարիներուն պաշտօնական կեղեքումով գոյացած հարստութեանց երկրէն արտահանումէն։ Ընդդիմադիրները կը պահանջեն այդ հարստութեանց վերադարձը, Պըն Ալիի ու գործակիցներուն դէմ ձերբակալման պահանջ ներկայացուած է Միջազգային ոստիկանութեան (Ինթըրփոլ), թէեւ ոչ ոք յոյս կը կապէ նման պահանջի մը իրագործման, նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիա վստահաբար Պըն Ալին իր հողերուն վրայ չհիւրընկալեց, քանի մը օր ետք զայն Թունուզի կամ միջազգային իշխանութիւններու յանձնելու համար։
Թունուզեան բեմին վրայ տեղի ունեցող դէպքերուն ու զարգացումներուն զուգահեռ, նկատելի եղան տարօրինակ բեմադրութիւններ եւ գործնական արձագանգներ։
Թունուզը, որ ընդհանրապէս հեռու ինկած էր միջազգային լուսարձակներէ, եւ կը թուէր ըլլալ խաղաղ ու ոչ-հետաքրքրական երկիր մը, գոնէ զգայացունց դէպքերու հետեւողներու տեսանկիւնէն, յանկարծ առաջնակարգ դիրքեր գրաւեց քաղաքական զարգացումներու քարտէսին վրայ եւ միջազգային լրատուական միջոցներուն մօտ։ Աշխարհը յանկարծ յիշեց, որ Թունուզը ֆրանսացի գաղութատէրներէն անկախութիւն շահած էր աւելի քան կէս դար առաջ, 1956ին, անոր պատմական ղեկավարը՝ Հապիպ Պուրկիպա, ըստ բաւականին սիրուած ու յարգուած առաջին նախագահը 1987ին նոյնինքն Պըն Ալիի ղեկավարած «քաղաքավար յեղաշրջումով» հեռացուած էր իշխանութենէն եւ ահա, 23 տարիէ ի վեր կը ղեկավարուէր Պըն Ալիի խմբակին կողմէ։ Տապալած նախագահը սկզբնական շրջանին հագած էր Պուրկիպայի պատմուճանը, սակայն հետագային, եւ միջազգային լուսարձակներէ ընդհանրապէս հեռու պահելով ինքզինք, քայլ առ քայլ ընթացած էր այն ճամբով, որ սիրուած ղեկավարները մէկ օրէն միւսը կը վերածեն բռնակալներու, ագահ չարաշահներու եւ կաշառակերութեան վրայ հիմնուած վարչախումբի մը գլխաւորման (աննախընթաց երեւոյթի մասին չենք խօսիր. կարելի է Չաուշեսքուի եւ Մուկապէի պէս բազմաթիւ նախընթացներ ցանկագրել)։
Ուշագրաւ այլ գիծ մը զարգացաւ Պըն Ալիի հովանաւորներուն ու մինչեւ վերջին պահը անոր զօրակցողներուն մօտ։ Նախագահներ Օպամա, Սարքոզի եւ այլ առաջնակարգ ղեկավարներ քանի մը ժամուան մէջ դիմափոխութիւն ապրեցան եւ յանկարծ սկսան բառբարիլ «ժողովուրդի կամքին ու արդարութեան պահանջին հետ ենք» տրամաբանութեամբ։ Տը Կօլներու, Փոմփիտուներու եւ Միթերաններու անարժան ժառանգորդը՝ խամաճիկատիպ Սարքոզին մինչեւ իսկ խոստովանութիւննե՜ր ըրաւ, յայտարարելով, որ սխալ դատողութեամբ ու անարդարօրէն վերաբերած էր Պըն Ալիի նկատմամբ։ (Վաղը կրնայ ի յայտ գալ, որ արտաքին ձեռքեր այդքան ալ անտարբեր չեն եղած թունուզեան ըմբոստութեան հրահրման մէջ, հաւանաբար բացայայտուին, թէ շահերու ինչպիսի՛ խաչաձեւումներ բաժին ունեցած են հոն)։
Այլ գիծի մը վրայ, թունուզեան բեմի իրադարձութիւնները նմանօրինակ արձագանգներ գտան դրացի Ալճերիոյ, քիչ մը անդին ինկած Եգիպտոսի կամ աւելի հեռու՝ Արաբական Թերակղզիին ծայրամասին գտնուող Եմէնի մէջ. կան նախատեսութիւններ, որ արաբական թէ այլ երկիրներ եւս կրնան կրել այս զարգացումներուն ազդեցութիւնը. Թունուզէն ծագած բողոքի ու յեղաշրջական ալիքները կրնան տոմինոյի ազդեցութիւն ունենալ եւ շրջումներ յառաջ բերել մօտակայ ու հեռաւոր շրջաններու մէջ։ Գահիրէի մէջ ցոյցի մասնակցող մը կը սպառնար առանց բառերը ծամելու. «Թունուզը առաջինն է, ցանկի վրայ կան 23 երկիրներ եւս…» (այս բոլորին մէջ անշուշտ կարելի չէ անտեսել բարեմիտ բաղձանքի գիծը)։
ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ
Նշեցինք, որ թունուզեան դէպքերու ընթացքն ու գործնական զարգացումները ձեւով մը կ՛ընթանան նոր աշխարհին պարտադրուած տրամաբանութեան հակառակ գիծին վրայ. բացատրենք օրինակներով։
Մինչեւ Պըն Ալիի տապալման նախօրեակը, տնտեսական ճգնաժամերու եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ բազմաթիւ այլ շարժումներու ականատես եղանք, բողոքի տարբեր եւ նոյնքան բուռն արտայայոտւթիւններ արձանագրուեցան տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն բոլորին մէջ ալ արդարութիւն պահանջողները «պարտուած» դուրս եկան, քանիցս հաստատելով ու վերահաստատելով այն մտայնութիւնը, ըստ որուն՝ այսօրուան աշխարհին մէջ նման բողոքներ անվաղորդայն (վաղուան օր չունենալու-Խմբ.) մնալու դատապարտուած են, իշխանաւորները նման բողոքներ կ՛արտօնեն՝ ժողովուրդին առիթ տալու որ դուրս տայ զայրոյթը եւ յետոյ… ճամբան շարունակէ կուլ տալով իշխանութեանց ամէնէն անարդրար դասաւորումներն անգամ, որոնք կը պարտադրուին օրէնքի անունով։ Նորագոյն օրինակները արձանագրուեցան Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Յունաստանի մէջ, ուր ապրուստի սղութեան, հանգստեան կոչումի տարիքի բարձրացման, տարանցումի դրութեան եւ այլօրինակ կարգադրութեանց դիմաց, բողոքի արտայայտութիւնները անցան ապարդիւն։
Եւ ահա, հաշիւի չառնուող թունուզցիք յաջողեցան հոն՝ ուր ոչ ոք կը նախատեսէր նման իրագործում։
Եւ այդ յաջողութիւնն է որ ահա մղում կու տայ բարեմիտ նախատեսութիւններու եւ կը մտրակահարէ բաղձանքները։ Գահիրէի մէջ ծաւալած ցոյցերը ահազանգի կը մատնեն ոստիկանութիւնը, որ բիրտ միջոցներու կը դիմէ ու հարիւրաւորներ կը բանտարկէ, զսպելու համար ցուցարարները, բողոքի արդար ալիքին ծաւալումը։ Օր ցերեկով կատարուած բռնարարքներուն դիմաց, Հիլըրի Քլինթըն մը կը յայտարարէ, թէ Ուաշինկթըն զօրավիգ է Մուպարաքի իշխանութեան, բացայայտ կը դարձնէ որ Օպամայի վարչամեքենան չի ցանկար թունուզեան իրադարձութեանց Եգիպտոսի մէջ կամ այլ «սանուկներու» գլխուն կր-կնութիւնը։ (Պահ մը ենթադրենք, որ Եգիպտոսի մէջ ծայր առած շարժումներն ալ հասնին թունուզեան արդիւնքներու, Քլինթըն կամ համախոհներ ի՞նչ պիտի ըսեն արդեօք. արդի ձայնապակները՝ CDները միայն մէկ երես ունին…)։
Անդին, բոլորովին այլ պայմաններու մէջ ու տարբեր մեկնակէտով, Լիբանանն ալ կ՛ապրի վերջին տասնամեակներու «ընկալեալ գիծ»ին հակառակ զարգացումներ, որոնք այլապէս բարեշրջման խոստումներով յղի են եւ… վերոյիշեալ մտահոգութիւններով կը դիմաւորուին Ուաշինկթընի ու համախոհներուն աչքերով։
Բնականաբար կայ անխուսափելի հարցում մը. Թունուզի մէջ ծայր առած շարժումը մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնի, արդեօք պիտի յաջողի՞ մուտք գործել իսկական բարեշրջման ուղիին մէջ, որպէսզի քաղաքական ու տնտեսական-ընկերային բեմերուն վրայ արդարութիւն գործադրուի։
Անմիջական պատասխանները կրնան յուսատու չըլլալ։ Փաստօրէն, մինչեւ իսկ եթէ փախստական նախագահին ու գործակիցներուն կորզած-մթերած հարստութիւնները կարելի ըլլայ երկիր վերադարձնել, ոչ ոք կը յուսայ, որ միջազգային տնտեսական տագնապի ճանկերուն մէջ բռնուած Թունուզը (կամ այլ ճակատագրակիցներ) պիտի յաջողին մէկ օրէն միւսը ճողոպրիլ իրենց կոկորդը սեղմող ձեռքերէն։
Տակաւին, կարելի չէ սպասել նաեւ, որ նախկին իշխանաւորները ինքնակամ կերպով յօժարին հրաժարիլ «ոսկի հաւկիթ ածող հաւ»էն, հետեւաբար, հակամարտութեանց դաշտերը պիտի մնան բաց։ Յետոյ, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ այսօր արդար պահանջներով ներկայացողները, իշխանութիւնը լիովին ձեռք բերելու պարագային, պիտի չիյնան չարաշահութեան, կաշառակերութեան (ոչ միայն նիւթական-դրամական առումով) հրապոյրներուն ծուղակը, ինչպէս եղած է գաղութատիրական տիրապետութիւններ թօթափած բազմաթիւ երկիրներու պարագային։
Եւ ճիշդ հոն է նման շարժումներու փորձաքարը։
ԱՐԴԱՐ ՊԱՀԱՆæՆԵՐԸ
ՄԻՇՏ ԱՆՎԱՂՈՐԴԱՅՆ ՉԵՆ
Յետ-աշխարհամարտեան աշխարհին մէջ արձանագրուած փորձառութիւնները եթէ իրատեսութիւն կը թելադրեն մարդկութեան ու կը պատգամեն չտարուիլ զգացականութեամբ, միւս կողմէ, սակայն, երբեք ալ պէտք չէ բացարձակապէս արհամարհել բարի զգացականութիւնն ու իտէալներու հետապնդումը։
Այլ խօսքով, թունուզեան (եւ զուգահեռ) զարգացումներու մէջ պէտք չէ տեսնել միայն «ընկալեալ զարգացումներ ժխտող» գիծեր, այլ մանաւանդ այն, որ պահանջատէր ժողովուրդներու համար, աշխարհը անվաղորդայն չէ, այլ արդարութեան պահանջ, պայքար ու զոհաբերութիւն միայն հեքիաթային հասկացութիւններ չեն, այլ կրնան լուսատու կայծեր տարածել քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական երկնակամարներու վրայ, մինչեւ իսկ եթէ նման շարժումներու ետին ըլլան պահուըտած ձեռքեր։
Բռնատիրական, չարաշահութեան եւ փտածութեան վիճակներ չեն կրնար ընդմիշտ խուսափիլ արդարատենչ ժողովուրդներու հաշուետուութենէն, ուշ կամ կանուխ, Պըն Ալիներու օրինակը կրնայ տարածուիլ դէպի մեծ ու փոքր երկիրներ եւ աշխարհին կրնայ պարտադրուիլ աւելի հաւասարակշռուած համակարգեր։
26 Յունուար 2011