Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կողմէ, Յունուար 19ին կազմակերպուած էր Հրանդ Տինքի յիշատակին ոգեկոչման հաւաք մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Իւմիտ Քըվանչի կողմէ Հրանդ Տինքի մասին պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնը: Իր կարգին, պոլսահայ իրաւագէտ Սեդրակ Տավուտհան բացատրութիւններ տուաւ թրքահայ համայնքի անշարժ կալուածներու խնդիրներուն մասին։ Ան դիտել տուաւ, որ 1970ականներէն ասդին, կարեւոր կալուածներ գրաւուած էին ապօրէն միջոցներով, բայց հիմա կացութիւնը փոխուած է եւ հայ համայնքը սկսած է վերատիրանալու իր կորսնցուցած կալուածներուն։
Հաւաքի աւարտին, միութեան ատենապետ Սիմոն Աճըիլաճօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին ու միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց անոր։
Պոլսահայ միութեան կողմէ Կիրակի, Յունուար 23ին, Մոնթեպելլոյի Հայ նահատակաց յուշարձանին շուրջ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի հոգիին համար:
Նոյն օրը, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի որոշումով եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան յատուկ խնդրանքով, թեմի եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ Տինքի սպանութեան չորրորդ տարելիցին առթիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.