Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 72րդ տարեդարձին նուիրուած ընթրիքն ու ճոխ յայտագիրը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունուար 23ին, կազմակերպութեամբ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան: Օրուան հնդիսավարն էր փրոֆ. Օշին Քէշիշեան:
Ընկերային ժամէն եւ բարի գալստեան խօսքէն ետք, Քէշիշեան հրաւիրեց Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանը, որ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Լարք»ի փոխտնօրէնուհի Թագուհի Արզումանեանը, որուն յաջորդեց երաժշտական բաժինը, կատարողութեամբ՝ Մովսէս Պօղոսեանի եւ Արթիւր Ավանէսովի:
Այնուհետեւ տեղի ունեցան գնահատագիրի ներկայացում: Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 72րդ տարեդարձին առթիւ, նահանգի Ծերակոյտին եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդին կողմէ յանձնուեցաւ գնահատագիր մը, զոր ներկայացուց Սթիվ Ազատեանը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը, իսկ «Լարք»ի կողմէ՝ տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեանը: Փակման խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդը, որ ըսաւ. «Տիգրան Մանսուրեան ո՛չ միայն հայ իրականութեան, այլեւ միջազգային կեանքին մէջ մեծ համբաւ կը վայելէ իր ինքնուրոյն տաղանդով եւ երաժշտական արուեստով: Իր մէջ արմատացած է բացառիկ սէր եւ հասկացողութիւն երաժշտութեան նկատմամբ»:
Տիգրան Մանսուրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ հովանաւորած էր հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ «Լարք»ին, որ կազմակերպած էր այս յիշատակելի ձեռնարկը, եւ բոլոր հանդիսականներուն ու յայտագիրին մաս կազմողներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.