* Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը յատուկ աշխատանքային ծրագիրներ պատրաստած է եկեղեցիէն ներս այն երիտասարդ կամաւորներուն համար, որոնք կը փափաքին եկեղեցւոյ ծառայել։ Մանրամասնութիւններու համար կապ պահել եկեղեցւոյ քարտուղարութեան հետ 818-243-8400:
* Նկատի առնելով տեղեկատուական արագ ու այժմէական նոր միջոցառումներուն աշխարհը, արդէն ժողովրդապետութիւնը ունի իր «Ֆէյսպուք»ը։ Կը թելադրենք, որ անոնք որոնք կը փափաքին եկեղեցւոյ լուրերը ու ամէնօրեայ Քրիստոնէական աղօթքները ստանալ, միանան «Ֆէյսպուք»ին։ St. Gregory the Illuminator Armenian Catholic church in Glendale:
* Ամէն ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը երեկոյեան ժամը 7ին Ս. Պատարագ եւ ջերմեռանդութիւն կը մատուցուի Յիսուս Քրիստոսի Ս. Սրտին։ Յաջորդ ջերմեռանդութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Փետրուար 4, 2011, երեկոյեան ժամը 7ին:
* Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան Պատանեկան միութիւնը իր աշխատանքները ու հաւաքները կը շարունակէ երկու շաբաթը անգամ մը՝ Ուրբաթ օրերը։ Պատանեկան միութեան յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Փետրուար 4, 2011, երեկոյեան ժամը 7ին։
* Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան Կլենտէյլի Եկեղեցւոյ օծման 10ամեակի յանձնախումբը արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքներուն։ Կիրակի, Մարտ 20, 2011ին, տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն՝ Կլենտէյլի մէջ, Renaissance Restaurant, 1236 S. Central Ave.: Մուտքի նուիրատուութիւնը $100 է։
* Ժողովրդապետութեան նորակազմ երիտասարդական միութիւնը իր առաջին հանդիպումը գումարեց Շաբաթ, Յունուար 22ին, երեկոյեան ժամը 7ին։ Ս. Պատարագի աւարտին երիտասարդները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ՝ իրարու ծանօթանալու ու ծրագիրներ մշակելու։ Յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Փետրուար 5, 2011ին: Գաղութիս 18-30 տարեկան երիտասարդութիւնը հրաւիրուած է սոյն երիտասարդական մաքուր ու քրիստոնէական միութեան մաս կազմեն։