ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Փետրուար 17ին տեղի պիտի ունենայ հայկական Սփիւռքին եւ 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն նուիրուած քննարկում մը, որուն պիտի մասնակցին դոկտ. Ճոզէֆ Քէշիշեան ու դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան:
Ձեռնարկը կը կազմակերպուի համագործակցութեամբ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանին հետ:
Երեկոյեան ժամը 6ին սկսելիք հիւրասիրութեամբ մեկնարկող ձեռնարկին քննարկումի բաժինը պիտի սկսի ժամը 7ին, ու տեղի պիտի ունենայ վերոյիշեալ վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 6844 Oakdale Avenue, Canoga Park:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել agbu.ypla@gmail.com հասցէին կամ (818) 883.2428 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.