ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայ իրաւաբաններու միութեան կողմէ կազմակերպուած Շաբաթ, Յունուար 15ի հաւաքը, որուն մաս կը կազմէր գիտաժողով մը ու ճաշկերոյթ մը, տեղի ունեցաւ Լաս Վեկասի վերջերս վերանորոգուած «Թրոփիքանա» պանդոկին մէջ, որուն նոր սեփականատէրն է Ալեք Եմէնիճեանը:
«Գիտաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցողներուն մակարդակը առնուազն հաւասար էր իրաւական համայնքի կազմակերպած ձեռնարկներու մասնակիցներուն մակարդակին», վստահեցուց Հայ իրաւաբաններու միութեան ատենապետ Էտվին Մինասեան:
Ճաշկերոյթին ընթացքին մրցանակներ շնորհուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու համար շարք մը դատեր բացած իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանին ու համայնքային ղեկավար, բարերար Արտա Եմէնիճեանին, որ նաեւ կինն է Ալեք Եմէնիճեանի:
Առաջին մեծարեալը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու բանակի հրամանատարներէն զօր. Մարք ՄըքՔարլին, որ միաժամանակ նաեւ իրաւաբան մըն է, իսկ երկրորդ մեծարեալը ներկայացուց Վիգէն Սիմոնեանը, որ Հայ իրաւաբաններու միութեան նախկին ատենապետներէն մէկն է: Երկու մեծարեալներն ալ արժանացան յոտնկայս ծափահարութեանց:
Ճաշկերոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան միութեան հիմնադիր Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը, ատենապետ Մինասեանը ու վարչութեան անդամներ Յովհաննէս Մարգարեանն ու Ճան Լիւլէճեանը, իսկ հանդիսավարն էր միութեան փոխատենապետ Կարօ Ղազարեան:
Գիտաժողովին ընթացքին, Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքներուն շուրջ քննարկումին մասնակցեցան Վարդգէս Եղիայեան, իրաւաբան փրոֆ. Մայքըլ Պազիլեր, իրաւագէտներ փրոֆ. Լի Քրաֆըրտ Պոյտ, փրոֆ. Սթեն Կոլտմըն եւ պոլսահայ իրաւագէտ Սեդրակ Տավուտհան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.