
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Ընդառաջելով միլիոն հոգինոց ցոյց կատարելու ընդդիմութեան կոչերուն՝ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի եւ այլ քաղաքներուն մէջ Երեքշաբթի, Փետրուար 1ին տեղի ունեցան բազմամարդ ցոյցեր, որոնք ութ օրէ ի վեր Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն մեծագոյնն էին։ Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ ցուցարարներուն թիւը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, քառորդ միլիոնէն մինչեւ 2 միլիոնի հասած է։ Այլ քաղաքներու մէջ եւս տասնեակ հազարաւորներ ցոյցերու մասնակցեցան՝ պահանջելով նախագահ Հոսնի Մուպարաքի հեռացումը։ Եգիպտոսի բանակը խոստացած էր կրակ չբանալ ցուցարարներուն վրայ եւ Երեքշաբթի օրուան ցոյցերը ընդհանրապէս խաղաղ էին:
Իշխող կուսակցութիւնը Իսմայիլիայի մէջ Մուպարաքին զօրակցող փոքր ցոյց մը կազմակերպած էր, սակայն Երեքշաբթի գիշեր արդէն իսկ տարաձայնութիւններ կը շրջէին, թէ Մուպարաք իշխանութենէն հեռանալու վրայ է: Ան արդէն իսկ խոստացած է Սեպտեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութեանց չմասնակցիլ:
Ընդդիմադիր ղեկավար Մուհամմատ Պարատէյի «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ իշխանութեան հետ երկխօսութիւնը կարելի է միայն, երբ ժողովուրդին պահանջները բաւարարուին, եւ այդ պահանջներուն առաջինը նախագահ Մուպարաքի երկրէն հեռանալն է»։ Եգիպտոսի քաղաքական ուժերը, իրենց կարգին յայտարարեցին, թէ փոխնախագահ Օմար Սլէյմանի հետ որեւէ բանակցութեան պիտի չմասնակցին: Բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Սամի Անան կրնայ Մուպարաքի ընդունելի այլընտրանք մը ըլլալ, ըստ ընդդիմութեան որոշ շրջանակներու: