ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Փետրուար 4ին, Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի միջեւ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց փոխնախարարները արդիւնաւէտ համարած են ռուս-թրքական համագործակցութեան բարձր մակարդակը։
Կողմերը մանրամասն կերպով քննած են միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կարելիութիւնները։