ԵՐԵՒԱՆ.- «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ անդրադարձ եղած է ոսկիի արդիւնահանմամբ զբաղող միջազգային «Կլոպըլ Կոլտ Քորփորէյշըն» (Global Gold Corporation (GGC)) ընկերութեան եւ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան միջեւ տեղի ունեցած վէճերուն:
Փաստաթուղթին մէջ ամերիկացի դիւանագէտ Էնթընի Կատֆրին նկարագրած է այն դժուարութիւնները, որոնց բախած է GGC ընկերութիւնը՝ Հայաստանի մէջ գործի ձեռնարկելու ընթացքին: Գաղտնազերծուած փաստաթուղթին համաձայն, 2005թ. ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Վարդան Այվազեան GGC-ի իրաւաբան Աշոտ Պօղոսեանէն պահանջած է իր մօտիկ ընկերոջը եւ պատգամաւոր Մուրադ Գուլոյեանին 3 միլիոն տոլար կաշառք տալ:
ՀՀ բնապահպանութեան նախարաութիւնը GGC-ին 2004 թ. Հանքաւանի եւ Մարջանի հանքերու շահագործման նոր արտօնագիր տրամադրած էր, որուն ժամկէտը համապատասխանաբար կը լրանար 2005 եւ 2007 թուականներուն: Այդ իսկ պատճառով ընկերութիւնը 2005ի Յունիսին դիմում ներկայացուցած էր բնապահպանութեան նախարարութիւն՝ Հանքաւանի մէջ հետախուզական աշխատանքներ իրականացնելու համար յատուկ արտօնագիր ստանալու համար: Նախարարութիւնը սակայն ձգձգած է արտօնագիրի տրամադրումը, իսկ 2005ին Այվազեան GGC-ի իրաւաբան Աշոտ Պօղոսեանէն պահանջած է Մուրադ Գուլոյեանին 3 միլիոն տոլար կաշառք տալ՝ պատճառաբանելով, թէ ատիկա անհրաժեշտ է 2003ին կնքուած առուվաճառքի մասին գործարքը աւարտին հասցնելու համար:
Այվազեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այդ գումարը չտրամադրելու պարագային նախարարութիւնը ընկերութիւնը կը զրկէ այդ երկու հանքերու արտօնագիրներէն եւ զանոնք կը տրամադրէ այլ ընկերութիւններու եւ խոչընդոտներ կը ստեղծէ ընկերութեան գործունէութեան համար:
Փաստաթուղին մէջ կը նշուի նաեւ, թէ բնապահապանութեան նախարարութիւնը փորձած է հանքի շահագործման արտօնագիր տրամադրել նոր ձեւաւորուած Golden Ore LLC-ին, որ, GGC-ն կը պնդէ թէ կը պատկանի նոյն ինքն բնապահպանութեան նախարարին:
Ընկերութիւնը այս խնդիրներու մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանին, իսկ ամերիկեան կողմը ստիպուած եղած է շարք մը քայլեր ձեռնարկել՝ ի պաշտպանութիւն ընկերութեան:
Նախկին նախարար, Ազգային Ժողովի տնտեսական հարցերու յանձնաժաոաղովի նախագահ Վարդան Այվազեան, այս հարցի վերաբերեալ խօսելով «Նիուզ»ի թղթակիցին, յայտնած է. «Միթէ՞ ես նման եմ ապուշի, ով կաշառք կը վերցնէր: Եթէ նրանք փաստեր ունեն, թող յայտարարեն, որ Այվազեանը կաշառք է վերցրել»: