
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- Միացեալ Հայկական Ֆոնտը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ «Լինսի» հիմնարկէն ստացած է 10.5 միլիոն տոլար առատաձեռն նուիրատուութիւն մը։
Միացեալ Հայկական Ֆոնտը այս գումարին մեծամասնութիւնը պիտի գործածէ նորոգելու եւ վերակառուցելու համար վեց դպրոցներ՝ Հիւսիսային Հայաստանի տարածքին, որոնք աւերուած էին 1988ի Դեկտեմբերի աղիտալի երկրաշարժին հետեւանքով։
«Լինսի» հիմնարկը, որ սոյն դպրոցներու վերականգնման ծրագիրին ձեռնարկած էր Յունիս 2010ին, այժմ Միացեալ Հայկական Ֆոնտին փոխանցած է անոր ամբողջացումը, որ պիտի կատարուի շինարարական որակի, ապահովութեան եւ ֆինանսական պատասխանատուութեան բարձրագոյն չափանիշներով։
«Լինսի» հիմնարկին նուիրած գումարին մնացեալը, Միացեալ Հայկական Ֆոնտը պիտի գործածէ՝ շարունակելու համար իր մարդասիրական երկարամեայ առաքելութիւնը, այսինքն՝ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի չքաւոր հատուածներուն համար մեծապէս անհրաժեշտ բարեսիրական ապրանքներու գոյացում, փոխադրութիւն եւ ցրուում։ 1989ին, Միացեալ Հայկական Ֆոնտի ստեղծման առաջին իսկ օրէն, «Լինսի» հիմնարկը հսկայական աջակցութիւն բերած է այս օգտաշատ աշխատանքներուն։ Յիշեալ թուականէն ի վեր, Միացեալ Հայկական Ֆոնտը 158 թռիչքներով եւ 1852 ծովային արկղներով 612 միլիոն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւն հասցուցած է Հայաստան եւ Արցախ։
Միացեալ Հայկական Ֆոնտը համատեղ աշխատանքն է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, «Լինսի» հիմնարկին, Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին (Հիւսիսային Ամերիկա եւ Գանատա), Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանին եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կը խնդրուի դիմել Միացեալ Հայկական Ֆոնտի գրասենեակ՝ 1101 North Pacific Avenue, Suite 204, Glendale, CA 91202 կամ հեռաձայնել (818) 241-8900 թիւին։