ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, Փետրուար 9ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում մը՝ նուիրուած Գէորգ Ճ. Աբէլեանի «Ցկեանս նահատակութիւն 2. Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր…» հատորին։
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին» գրական-գեղարուեստական պարբերաթերթի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ Աբէլեանի հատորին մէջ գոյութիւն ունին սերունդի մը արհաւիրքը նկարագրող վկայութիւններ, որոնք վաւերական եւ կարեւոր աշխատանք կը կազմեն։ Անոնք ատաղձ են գեղարուեստական գրականութեան համար։
Ապա խօսք առաւ հատորի հեղինակ Գէորգ Ճ. Աբէլեան, որ նշեց, թէ երբ ինք այս նիւթով առաջին գիրքը հրատարակեց, ենթադրեց, թէ գործը հոն կ՛աւարտի, բայց «երբ քանի մը ամիս ետք լսեցի Արամ Չոլաքեանի վկայութիւնները եւ ապա «Ազդակ»էն ընթերցեցի Ռիթա Պասմաճեան-Մանճիկեանի յուշերը, որոշեցի, որ պէ՛տք է շարունակել գործը», ընդգծեց Աբէլեան։ Ան ըսաւ, որ առաջին հատորին մէջ կային 17 վկայութիւններ, մինչ երկրորդին մէջ՝ 23:
Աբէլեան հաստատեց, որ բազմաթիւ քրտացած հայեր կան Սուրիոյ ու այլ շրջաններու մէջ, եւ անոնք հպարտ են, որ իրենք հայ են, սակայն հայկական իրականութենէն հեռու մնացած են։ Ան աւելցուց, որ այդ հայերը ինքնութեան խնդիր ունին, քանի որ թէ՛ հայ են եւ հայ չեն, թէ՛ ալ քիւրտ են եւ քիւրտ չեն, ու երկու ընկերութիւններն ալ զիրենք ընդունելու առնչութեամբ հարցեր ունին։
Գէորգ Ճ. Աբէլեան նաեւ խօսեցաւ իր վկայութիւնները հաւաքագրելու հոլովոյթին, հանդիպումներուն ընդմէջէն ունեցած փորձառութիւններուն ու դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդոց ցուցաբերած վերաբերմունքին ու զգացումներուն մասին։
«Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր…» հատորին հեղինակը աւելցուց, որ արաբերէն թարգմանութիւններուն կողքին, ան ունի երազ մը, որն է՝ վկայութիւններէն հաւաքածոյի մը թրքերէն թարգմանութիւնը։
Զեկուցումէն ետք, ներկաները ընթերցեցին «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր…» հատորէն հատուածներ, մինչ գիրքին հեղինակը՝ Գէորգ Ճ. Աբէլեան, ներկաներու հարցումներուն ընդմէջէն փոխանցեց յաւելեալ տեղեկութիւններ։