Ամէն տարի Հայաստանի մէջ կայացող ՀԲԸՄի ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցողները պէտք է իրենց դիմումնագիրները ամբողջացնեն մինչեւ Մարտ 15:
Վեց շաբաթեայ վարժողական սոյն ծրագիրին մասնակցող համալսարանական ուսանողներուն առիթ կ՛ընծայուի աշխատանքի վարժողական շրջան մը անցնելու կառավարական կամ ոչ պետական շարք մը կազմակերութեանց ու ընկերութիւններու մէջ, միաժամանակ ի մի բերելով աշխարհի տարբեր շրջաններէ համալսարանական ուսանողներ:
Լեւոն Նազարեան հիմնադրամին կողմէ հովանաւորուած սոյն ծրագիրին մասնակցիները նաեւ առիթ կ՛ունենան այցելելու Հայաստանի տեսարաժան վայրերը եւ մասնակցելու մշակութային, կրթական ու ընկերային շարք մը նախաձեռնութեանց:
2011ի ծրագիրը պիտի սկսի Յունիս 25ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 5:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել agbu.org/ysip կայքէջը, կամ դիմել ysip@agbu.org հասցէին: