– Հիւսիսային Եմէնի մէջ, շիի ըմբոստներ յայտնեցին, թէ բանակը Ուրբաթ օր կրակ բացած է ցուցարարներու վրայ՝ երկու զոհ եւ 9 վիրաւոր պատճառելով։ Ըմբոստներու մէկ բանբերը յայտնեց, թէ հազարաւորներ կը մասնակցէին բողոքի: Շրջանին մէջ Փետրուար 2009ին, հուսիներու եւ բանակին միջեւ զինադուլ մը հաստատուած էր։ Հուսիները կը դժգոհին կառավարութեան կողմէ իրենց դէմ կիրարկուած խտրականութենէն, եւ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն վարչակարգին դէմ ծաւալած բողոքի ցոյցերուն։
– Պահրէյնի Համատ քաղաքին մէջ, Ուրբաթ օր վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ տեղի ունեցաւ բախում մը, ինչ որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր երկու շաբաթէ ի վեր թագաւորութեան մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն ընթացքին։ Բախումէն քանի մը ժամ առաջ ընդդիմութիւնը յայտնած էր, որ պատրաստ է կառավարութեան հետ առանց նախապայմանի բանակցութիւններու սկսելու, սակայն երկիրի գահաժառանգին նամակ մը յղելով՝ նոր կառավարութիւն մը ու նոր սահմանադրութիւն մը պահանջած էին։
– Եգիպտոսի նոր վարչապետ նշանակուած Իսամ Շարաֆ Ուրբաթ օր ելոյթ մը ունեցաւ Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ ցոյց կատարողներուն առջեւ՝ խոստանալով անոնց պահանջները գոհացնել ու Եգիպտոսը ազատ երկիրի մը վերածել: Ան փոխարինեց պաշտօնազրկուած նախագահ Հոսնի Մուպարաքի կողմէ նշանակուած վարչապետը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.