
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մայրենի լեզուով դասաւանդութեան իրաւունք ապահովելու նպատակով քրտամէտ քաղաքական կուսակցութեան ու հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ կազմակերպուած արշաւը հաւաքած է 1.2 միլիոն ստորագրութիւն. այս ստորագրութիւնները յանձնուեցան Թուրքիոյ խորհրդարանին:
Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Այսել Թուղլուք այս կապակցութեամբ ըսաւ, թէ վարչապետ Էրտողան Թուրքիոյ քիւրտ ժողովուրդին ուզածներուն նկատմամբ ցոյց պէտք է տայ այն հասկացողութիւնը, զոր ցուցաբերեց Եգիպտոսի կամ միւս երկիրներու ժողովուրդներու պահանջներուն նկատմամբ։ Թուղլուք ըսաւ նաեւ, որ քրտերէն լեզուն յարգանքի արժանի լեզու է, ուստի պէտք է վերադարձուի քրտերէն ուսուցման իրաւունքը։ Ան ըսաւ, որ մայրենի լեզուին հարցը կարելի չէ անջատել քրտական հարցի միւս խնդիրներէն։ «Քրտական հարցը, բազմաթիւ երեսներով, իրաւունքներու ու ազատութիւններու հարց մըն է։ Ասիկա հարիւր տարուան հարց մըն է եւ կը լուծուի միայն ազատութիւններու ու իրաւունքներու ընդլայնումով», ըսաւ ան։
Թուղլուք յայտնեց, թէ մայրենի լեզուով դասաւանդութեան իրաւունքը մարդու իրաւունքներու ուխտին մէջ յիշուած է։ Քրտական իրականութիւնը ճանչնալ՝ կը նշանակէ ճանչնալ նաեւ քիւրտերուն մշակութային ու քաղաքական իրաւունքները, աւելցուց ան։