ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական նախարարութիւնը Ուրբաթ, Մարտ 4ին հաղորդեց, թէ Փետրուար ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը շարունակած է նուազիլ՝ հասնելով 8.9 տոկոսի, Յունուարին արձանագրուած 9 տոկոսին փոխարէն:
Նոյեմբերէն ի վեր, անգործութեան համեմտութիւնը 9.8 տոկոսէն 8.9ի իջած է, ինչ որ ամենացած համեմատութիւնն է վերջին երկու տարիներու ընթացքին:
Մինչ սեփական մարզը 222,000 աշխատատեղ ստեղծած է (ըստ Չորեքշաբթի օրուան «Էյ.Տի.Փի.»ի տեղեկութեանց այդ թիւը 217,000 էր), նահանգային ու տեղական կառավարութիւնները գործէ արձակած են 30,000 պաշտօնեայ: Դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնեաներուն թիւը գրեթէ անփոփոխ մնացած է:
Անգործներուն թիւը 13.7 միլիոնի իջած է, մինչ վեց ամիսէն աւելի անգործ մնացողներուն թիւը 5.99 միլիոնի հասած է:
Միւս կողմէ, պաշտօնեաներուն միջին ժամականը Փետրուարին միայն մէկ սենթով աճած է՝ հասնելով 22.87 տոլարի: