
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- «Յաղթանակ կամ մահ» խոստացող լիպիացի ըմբոստներ Ուրբաթ, Մարտ 4ին յառաջացան դէպի արեւելեան Լիպիոյ քարիւղի արտածման կարեւոր քաղաք մը՝ Ռաս Լանուֆ, ուր ապաստանած էին Պրեկայի վրայ ձախող յարձակումէն ետ մղուած Մուամմար Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը:
Արեւմտեան Լիպիոյ մէջ, յատկապէս Թրիփոլիի մօտակայ Զաուիա քաղաքին մէջ եւս Ուրբաթ օր ծանր բախումներ տեղի ունեցան՝ քաղաքը ըմբոստներէն ետ գրաւելու փորձ կատարող Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերուն եւ ըմբոստներուն միջեւ, եւ իբրեւ հետեւանք, առնուազն 30 զոհ արձանագրուեցաւ: Ըստ պետական աղբիւրներու, քաղաքը կարելի եղած է վերագրաւել, սակայն լուրը կարելի եղած չէ հաստատել անկախ աղբիւրներու միջոցաւ:
Ուրբաթ օր նաեւ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ, հակառակ զանոնք արգիլելու ապահովական ուժերու եւ վարձկաններու փորձերուն:
Նաեւ, Լիպիոյ կառավարութեան եռօրեայ օդանաւային յարձակումներէն ետք, ըմբոստները միջազգային ընտանիքին դարձեալ կոչ ըրին՝ «թռիչքի արգիլեալ գօտի» հաստատելու։ Անոնք նաեւ մերժեցին Քազաֆիի հետ բանակցելու Վենեզուէլլայի առաջարկը, պնդելով, թէ պատրաստ են քննելու միայն Քազաֆին աքսորելու կամ պաշտօնազրկելու կարելիութիւնը: Ուաշինկթըն եւ Փարիզ եւս անտեղի համարեցին Քարաքասի միջնորդական փորձը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Քազաֆի իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ պէտք է հրաժարի: