ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բնականաբար ահաբեկիչները դարանակալ կը սպասեն իրենց զոհին: Ահաբեկչութեան կրօնական գոյն կը տրուի երբեմն, հակառակ անոր որ ո՛չ մէկ կրօնք կ՛ընդունի, թէ իր հետեւորդները չարիք գործելու կը մղէ, կամ այդ ուղղութեամբ կը դաստիարակէ զանոնք: Ամէնքն ալ կը յայտարարեն, թէ՝ դէպի բարին, դէպի լաւը ու արդարը կը մղեն իրենց զաւակները, որպէսզի այդ ճամբով կատարելութեան ու հոգեկան բիւրեղութեան հասնին:
Այս տարբեր տեսակի գունաւորում ունեցող ահաբեկչութեան գործադիր անձերը՝ ահաբեկիչները առհասարակ սովորական ոճրագործներ չեն ըլլար, այլ յատուկ դաստիարակութեամբ ի-րենց առաքելութեան նախապատրաստուած մարդիկ, երբեմն արդարութեան հետամուտ, ընկերային հաւասարութեան բարձր գաղափարներով սնուցուած միտքով, ինչպէս նաեւ զոհողութեան վեհ զգացումներով յառաջ մղ-ուող անձեր:
Այս պատճառով էր որ մեր պատմութեան վերջին շրջանի սեւ էջերուն յաջորդող շրջանին, հերոսացան այն «ահաբեկի»չները, որոնք իրենց վրիժառու բազուկով իրարու ետեւէ գետին տապալեցին մեր ժողովուրդի արեան ճապաղիքը պատրաստած թուրք բարբարոս ցեղի արեւելեան «բաղնեպաններ»ը՝ Թալաթ, Ճեմալ, Էնվէր եւ միւս արիւնարբու բորենիները: Դատարանի դիմաց իսկ արդարացած արդարահատոյց բազուկները, իրենց արեան կանչին ունկնդիր, գործադրեցին այն՝ ինչ որ հետագայ բոլոր դարերուն, ու եկող սերունդներուն դիմաց դպրոց պիտի դառնար, եւ ուխտ՝ հաւատարմութեան:
Ահաբեկչութիւնը միայն վերոյիշեալ ժխտական ու դրական երկու հատուածներով պէտք չէ՛ ըմբռնել: Անիկա ունի նաեւ այլ գունաւորումներ, որոնք ընկերային կեանքի ընթացքին ի յայտ կու գան: Փոխ-յարաբերական կեանքը, մարդկային ահաբեկչութիւններու թատերաբեմն է: Այնտեղ են բոլոր ահաբեկիչները, որոնք սակայն դրական խմբաւորման մէջ չեն մտներ, այլ տարբեր խմբաւորում կը կազմեն: Եթէ սովորական իմացումով ժխտական խմբաւորման տակ դնէինք զանոնք, տարբեր պիտի չըլլային այն ահաբեկիչներէն, որոնք խափանարարական ա-րարքներով կամ անձնասպանութեամբ, ուրիշներու սպանութեան պատճառ կը հանդիսանան: Սակայն ահաբեկչութեան այս նոր խմբաւորման մէջ տեղադրուողներուն խափանարարական արարքները միայն ռումբերու պայթումներով չեն իրագործուիր, այլ՝ երեւելի թէ աներեւոյթ բազմաթիւ կերպերով: Ճիշդ այսպիսի ահաբեկիչներուն համար օգտագործելի լաւագոյն բառ է «դարանակալ» բառը:
Ահաբեկիչներու այս նոր խմբաւորումը, առհասարակ նաեւ ամլութեան դատապարտուածներու դասակարգը կը կազմէ: Յաճախ մարդիկ հարց կու տան, թէ ի՞նչ է այն ոյժը որ ահաբեկիչները իրենց կատարելիք գործողութեան կը մղէ: Վերոնշեալ դրական ահաբեկչութեան պարագային, վստահաբար կայ ներքին համոզումը, արդարութեան հաստատման խոր ցանկութիւնը, ընկերային հաւասարութեան համար մղուած պայքարը, եւայլն: Սակայն, այս երրորդ խմբաւորման պարագային, մղիչ ոյժը զարմանալիօրէն ամլութիւնն է: Ամուլ անձն է որ նման ահաբեկչութիւններ կը կատարէ, իր ամլութեան ներքին ցաւը ամոքելու, եւ թերեւս ալ ինքնամխիթարութեան համար: Անբուժելի այս վիճակը ընկերային ամլութեան, բնականաբար անգործութեան դատապարտած պիտի ըլլայ ենթական, որ այլապէս իր «գործունէութիւնը» պիտի ծաւալէ ահաբեկչութեան վտանգաւոր բաւիղներուն մէջ, ուր դարանակալ պիտի սպասէ իր զոհին:
Իր ամլութեան պատճառած հոգեկան ցաւին մղումով յառաջացող ընկերային ահաբեկիչը միշտ զինուած կ՛ըլլայ սուտերով թունաւորուած նետերու լեցուն կապարճով: Այլապէս ծոյլ նկատուող ա-մուլը, այս իմաստով «աշխատասէր» անձ է, որ անընդմէջ աշխատանքով սուտի նետեր կը տաշէ ու կը յղկէ: Ամէնօրեայ աշխատանքով պատրաստուած այս նետերը այնքան կը բազմանան յաճախ, որ ահաբեկիչներ ա-ռանձին չեն կրնար կրել զանոնք, եւ անպայման կը փնտռեն կապարճակիրներ, որպէսզի օգնեն ի-րենց: Այդ կապարճակիրներուն մէջ յաճախ կ՛ըլլան նորաբոյս ու միամիտ տղաք, որոնց նոր կազմաւորուող նկարագիրը խաթարուելով, ահաբեկչական խմորում կը ստանայ, վճռականօրէն վնասելով անոնց ապագայ կեանքին: Շատ հաւանաբար նոյն գործընթացը կ՛որդեգրեն նաեւ ժխտական իմաստով ներկայացուած ահաբեկիչները, որոնք մանուկ տարիքի տղաք ու աղջիկներ իրենց շուրջ հաւաքելով, զանոնք կը վարժեցնեն, ու կը նախապատրաստեն ահաբեկչական վատ արարքներու կատարման:
Ահաբեկիչներու այս խմբաւորումը իր օրինակը առած է դարանակալ մեծ ահաբեկիչէն՝ սատանայէն, որուն աշխատանքային ուղեգիծով կ՛ընթանան անոնք: Ո՞վ տեսած է կամ կը տեսնէ սատանան: Սակայն անիկա դարանակալ կը սպասէ ամէն տեղ, ամէն թաղի անկիւն, ամէն տեղ՝ ուր կարելի է պահուըտիլ, մինչեւ իսկ ծովու ջուրերուն տակ, ամէնէն կոյս ծերպերուն մէջ:
Քուն ու դադար չճանչցող այս մեծ ամուլը՝ սատանան, Պետրոս առաքեալի կողմէ նմանցուած է մռնչող առիւծի, որ անդադար կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ: Ուստի, առաքեալը կը թելադրէ արթուն ու պատրաստ ըլլայ, դիմակալելու համար այս թշնամին: (Հմմտ Ա. Պտ 5.8): Ուրեմն, բռնուած ու քանաքեռի մէջ դրուած առիւծ չէ՛ սատանան, որ կրկէսներու ելոյթներով հանդիսատեսին ներկայացուի: Անիկա ազատ է ու անդադար կը շրջի: Եւ ա՛յս է որ աւելի վախազդու կը դարձնէ սատանան: Դարանակալ սպասող այս ահաբեկիչը յանկարծ կրնայ դէմդ ելլել, ու նոյնիսկ առանց շարժում մը կատարելու, իր սեւութեամբ վախ պատճառել քեզի: Զուր տեղը չէ՛ որ միջնադարու նկարիչներ միշտ մութ եւ յաւելեալ սեւ գոյներով ներկայացուցած են սատանան:
Ահաբեկիչներու երրորդ խմբաւորման ու մեծ ահաբեկիչին միջեւ, գործակցութեան դաշինք գոյութիւն ունեցած է միշտ: Ամուլ անձը, երբ ահաբեկչութեան ուժանիւթերով ծանրաբեռն վերարկուն կը հագնի, ինչպէս նաեւ սուտի նետերով լեցուն կապարճը կը կրէ իր ուսին, չի՛ կրնար տարբեր դրական մտածողութիւն զարգացնել ամենեւին, այլ կուրօրէն կը հետեւի դարանակալ մեծ ահաբեկիչին գծած ուղղութեան: Անոնց մշակած ծրագիրը բարի չի՛ կրնար ըլլալ բնաւ:
Ընկերային կեանքի մէջ, ամլութեան պտուղը ահաբեկչութիւնն է: Ահաբեկչութիւն՝ որ սակայն սովորական սպանութիւն, քանդում ու աւեր չի՛ պատճառեր, այլ՝ աւելին, երբ կրակի կը տրուի մէկուն վարկը, միւսին համբաւը, երրորդին վաստակը եւ այսպէս այն ամէն թանկագին ոգեղէն հարստութիւնները, որոնց ամբարման համար երբեմն մարդիկ իրենց ամբողջ կեանքին տեւողութեան ընթացքին ճիգ չեն խնայեր:
Չկարծես թէ դարանակալ ահաբեկիչ մը չունիս քեզի հետեւող: Ասիկա վախ պատճառելու համար գրուած տող չէ, այլ՝ արթնութեան կոչ ուղղելու: Որովհետեւ թշնամիդ միշտ ծպտուած կը հետեւի քեզի, թուփերու եւ մութ անկիւններու մէջ ծածկուած կը դիտէ շարժումներդ, ու յարմար առիթին կը սպասէ:
Զգո՜յշ: