
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ռուս-թուրքական պայմանագիր՝ հայկական հողերի հաշուին», «Մենք ոչ ենք ասում 1921 Մարտի 16ի պայմանագրին», «Ռուսաստանը պէտք է տայ 1921 Մարտի 16ի քաղաքական գնահատականը». այս եւ նմանատիպ պաստառներով, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւններու անդամները, Մարտ 16ին, Ստեփան Շահումեանի անուան հրապարակէն երթով շարժեցան դէպի Ռուսիոյ դեսպանատուն:
«Սա խայտառակ պայմանագիր է՝ իրականացուած միջազգային նորմերի ոտնահարմամբ, որովհետեւ չկայ մի այլ նման դէպք, երբ երկու պետութիւններ երրորդ պետութեան մասին պայմանագիր կնքեն, այն էլ այն դէպքում, երբ այդ պետութիւններն իրենք էլ ճանաչուած չեն եղել», նշած է երթի մասնակից, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը եւ աւելցուցած, թէ «դէմ չընդվզիլ՝ կարծում եմ սխալ է. մենք էլ պէտք է մեր տեսակէտը հնչեցնենք: Սա հայ ժողովրդի ոտնահարուած իրաւունքների հարցն է, եւ եթէ մենք սրա դէմ չենք ընդվզելու, ուրեմն անընդհատ դատապարտուած ենք լինելու կրկնել նոյն սխալները եւ այսպիսի կորուստներ ունենալ»:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնար պաշտօնական տեսակէտ յայտնել այն մասին թէ Հայաստանի հանրապետութիւնը չէ ճանչցած եւ պիտի չճանչնայ Մոսկուայի պայմանագիրը, եւ թէ նոյն այդ Մոսկուայի պայմանագիրին հիման վրայ այնուհետեւ կնքուած ու Բոլշեւիկեան Հայաստանին պարտադրուած Կարսի պայմանագիրը նոյնպէս անվաւեր է, սակայն նախարարութիւնը չէ ըրած այդ մէկը:
Պատգամաւորը կ՛առաջարկէ նաեւ Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն եւս ետ քաշել Հայաստանի ստորագրութիւնը:
Բողոքի երթի մասնակիցները կը պահանջէին. «Դատապարտելով 1921ի Մարտի 16ի Ռուս-թուրքական պայմանագիրը՝ պահանջել, որ ՌԴն (Ռուսիոյ Դաշնակցութիւնը) անվաւեր ճանաչի այն»:
«Այս օրերին Ռուսաստանն ու Թուրքիան որոշեցին համատեղ ֆորում անցկացնել, որն անուղղակիօրէն նուիրւում է այդ յանցաւոր պայմանագրի կնքման 90րդ տարեդարձին», իր կարգին ըսած է ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեանը, ըստ որուն, այդ ֆորումը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, երկու երկիրներու «բարեկամութեան» վերահաստատման խորհուրդ կը պարունակէ, ինչ որ մտահոգութեան եւ նման ցոյցի պատճառ դարձած է:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, թէ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ կազմակերպած է նմանատիպ ցոյցեր, բայց քանի որ այս տարի Մոսկուայի պայմանագիրին 90րդ տարելիցն է, եւ Ռուսիան Թուրքիոյ հետ որոշած է նշել այդ իրողութիւնը, ապա ուրեմն՝ «մենք դա համարում ենք մեր ժողովրդի, մեր ազգի արժանապատուութեանն ուղղուած վիրաւորանք»:
«Ժամանակն է, որ բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրենք այն խնդրին, որ այս փաստաթուղթը Հայաստանի համար չի կարող որեւէ իրաւական հիմք ունենալ, եւ մենք տէր ենք մեր ժողովրդի անցեալի, ներկայի ու ապագայի բոլոր իրաւունքներին, եւ կը գայ մի օր, երբ կը վերահաստատենք դա՝ արդէն փաստացի ունենալով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան՝ որպէս մէկ միասնական պետութիւն: Այս ակցիան ցոյց է տալիս, որ հայ ժողովրդի մէջ դիմադրութիւնը չի մեռել. կա՛ն հայեր, կա՛յ ուժ, որը պայքարելու է իր ժողովրդի արժանապատուութիւնը պահելու համար», յայտարարած է Ա. Մինասեան:
Հետաքրքրական է, սակայն, որ Ռուսիոյ դեսպանութեան աշխատակիցները, անտեսելով երիտասարդ դաշնակցականներուն կոչերը՝ դուրս չելան բողոքի նամակը վերցնելու, որուն ի պատասխան, երիտասարդները պայմանագիրի օրինակը ցուցադրաբար դրին դագաղի մը մէջ եւ նամակին հետ միասին ձգեցին դեսպանատան մուտքին:
Fukushima Daiichi nuclear plant disaster will sweep away this document.
Russia tries to sell its nuclear plant billions-worth projects to Turkey and to buy a permission for a gas pipelines through Turkey part of Black Sea for the South-Stream project. Isn’t it tough combination today?
The entire world revisits its politics on energy resources. Expect tectonic developments ahead in world economics, and politics as a result.